Գամպոտիոյ կրթութեան նախարար. Պէտք է միշտ յիշատակել Հայոց ցեղասպանութիւնը

Պէտք է միշտ յիշատակել Հայոց ցեղասպանութիւնը. ատիկա շատ կարեւոր է ապագային նման ողբերգութիւններ կանխելու համար: Այս մասին NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է Գամպոտիոյ Թագաւորութեան կրթութեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հանկ Չուոն Նարոն:
«Ես կը ցանկայի համերաշխութիւն յայտնել հայ ժողովուրդին, քանի որ Գամպոտիոյ մէջ նոյնպէս ցեղասպանութիւն եղած է: Ոչ բոլոր երկիրները ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, ատիկա չէ ըրած նաեւ Թուրքիան: Բայց ես կը կարծեմ, որ մենք պէտք է միշտ յիշատակենք այդ ողբերգութիւնը, որովետեւ ատիկա շատ կարեւոր է ապագային նման ողբերգութիւնները կանխելու համար»,- ըսած է Հանկ Չուոն Նարոն:
Ան կը կարծէ, որ հայ ժողովուրդին հիանալի ապագայ կը սպասէ: «Կը կարծեմ, որ հայ ժողովուրդին ապագան հիանալի պիտի ըլլայ: Դուք հիանալի ժողովուրդ էք»,- աւելցուցած է նախարարը: