Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ ռումբեր ինկած են

Հալէպի մէջ վերջին շրջանին մէջ թէպէտ իրավիճակը աւելի հանգիստ է, այնուամենայնիւ, ռումբերու ձայներ մերթ ընդ մերթ լսելի են տարբեր կողմերէ: Այս մասին «Արմէնփրէս»­-ի հետ զրոյցին  տեղեկացուց Հալէպի մեր աղբիւրը` աւելցնելով, որ նախօրէին Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ ռումբեր ինկած  են, բարեբախտաբար, զոհեր եւ վիրաւորներ չեն գրանցուած: Զինուած խմբաւորումները փորձած են ներխուժել անվտանգ թաղամասեր, սակայն անոնց փորձերը ձախողած են:

Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ քաղաքին մէջ կը շարունակուի ելեկտրականութեան եւ ջուրի տագնապը: Գրեթէ ողջ քաղաքը այժմ հոսանք ունենալու համար կ’օգտուի վճարովի ելեկտրածին սարքաւորումներէ, որոնք բաւական թանկ արժեն: «Միակ դրական փոփոխութիւնը Հալէպի մէջ զարկերու համեմատական նուազումն է»,-­ նշեց աղբիւրը:

Հալէպ քաղաքը 2012թ. ամառուընէ յայտնուած է կառավարական ուժերու եւ զինուած տասնեակ խմբաւորումներու բախումներու թիրախին մէջ: Բախումները այնտեղ մինչեւ օրս կը շարունակուին: Քաղաքի արեւմտեան թաղամասերը կը գտնուին կառավարական ուժերու, իսկ արեւելեան թաղամասերը` զինուած խմբաւորումներու հսկողութեան տակ

Scroll Up