Փրակի «Սուրբ Հոգի» եկեղեցին փոխանցուեցաւ հայ համայնքին

Փրակի «Սուրբ  Հոգի» կաթոլիկ եկեղեցին Հոկտեմբեր 11-ին փոխանցուեցաւ  Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ծխական համայնքին` անժամկէտ օգտագործման համար: Այդ մասին կը յայտնէ Չեխիոյ հայերու «Օրեր» կայքը:

Պատմական այս իրադարձութեան ներկայ էր Չեխիոյ կաթոլիկ եկեղեցւոյ առաջնորդ, քարտինալ Տոմինիք Տուքան, որուն շնորհիւ ալ իրականութիւն դարձաւ չեխահայերու ցանկութիւնը: Վերջին տարիներուն ընթացքին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Չեխիոյ հոգեւոր հովիւ Բարսեղ վարդապետ Փիլաւչեանի եւ Քարտինալ Տուքայի միջեւ հաստատուած ջերմ  յարաբերութիւնները նպաստեցին   բանակցութիւններու աւարտին եւ տուին իրենց դրական արդիւնքը:

14-րդ դարուն կառուցուած Սուրբ Հոգի եկեղեցւոյ փոխանցման արարողութիւնը սկսաւ ժամերգութեամբ, գոհաբանական աղօթքով: Ելոյթներէն յետոյ քարտինալ Տուքան եկեղեցւոյ խորհրդանշական բանալին յանձնեց Հայր Բարսեղին: Ներկաներուն իբրեւ օրուան յիշատակ բաժնեցին նաեւ փայտէ խաչեր:

Նշենք որ հայերը Փրակի մէջ երբեւէ եկեղեցի չեն ունեցած, բայց վերջին 10 տարիներուն բոլոր եկեղեցական արարողութիւնները կը կատարուէին հայ հաւատացեալ համայնքին տրամադրուող Փրակի կաթոլիկ Սուրբ Եիլի եկեղեցւոյ մէջ:

Scroll Up