Հալէպի Մէջ Երթեւեկութեան Նոր Անցք Մը Բացուեցաւ

Օրերս Հալէպի մէջ բացուեցաւ դէպի Շէյխ Մաքսուտ տանող անցք մը, որ ներկայիս կը գտնուի սուրիական բանակի հսկողութեան տակ: Այս անցքին միջոցաւ հնարաւոր դարձաւ Ճալաա շրջանէն դէպի հայկական գերեզմանոցներ ապա նաեւ դէպի Շէյխ Մաքսուտի արեւմտեան բաժին երթեւեկութիւնը:

Ըստ <Գանձասար>-ի` անցքի բացումը տեղի ունեցաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու նշեալ շրջանէն հեռանալէն անմիջապէս ետք:

Scroll Up