Տեղի կ’ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական մշակութային փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը

Սեպտեմբեր 24-ին, ժ.19:00-ին Արամ Խաչատրեան մեծ համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական մշակութային փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս իրականացուող  փառատօնը կը ներառէ Սթամպուլի հայ համայնքի մշակութային օրերը Հայաստանի մէջ եւ «Կ’երգենք Կոմիտաս» փառատօնը, որուն կը մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն եւ աշխարհի 12 երկրէ ժամանած երգչախումբեր, պարախումբեր եւ անհատ կատարողներ:

Փառատօնի մասնակիցներուն կ’ողջունէ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Մասնակիցներուն իր օրհնանքի խօսքը կը բերէ Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան:

Ելոյթ կ’ունենան Սթամպուլի «Լուսաւորիչ» եւ Հայաստանի «Էքսփրոմտ» երգչախումբերը, պոլսահայ երգիչներ Սիպիլը, Պօղոս Եղիազարեանը եւ Պարթեւ Կարեանը:

Ծրագիրին  կը հնչեն պոլսահայ երաժշտահան Մաժակ Թոշիկեանի` Հրանդ Տինքին նուիրուած օրաթորիան եւ այլ ստեղծագործութիւններ` խմբավար Յակոբ Մամիկոն­եա­նի ղեկավարութեամբ:

Փառատօնը նպատակ ունի նպաստելու Հայաստան-Սփիւռք մշակութային գործակցութեան ընդլայնման, Սփիւռքի մէջ մշակութային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման:

 

Scroll Up