Մամլոյ ասուլիս` նուիրուած Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեայ ձեռնարկներուն

Սեպտեմբեր 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս` նուիրուած Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի ձեռնարկներուն:

            Բանախօսներն էին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմնի նախագահ Եսայի Հաւաթեան (Այնճար, Լիբանան), «Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի պատասխանատու Գաբրիէլ Փանոսեան եւ հայրենակցական միութեան Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Պերճ Ղազարեան:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալը նշեց, որ Հայրենիքի մէջ Մուսա լերան 100-ամեակը կը նշուի պետական մակարդակով` «Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրին զուգընթաց:

Ս.Սրապիոնեան խօսեցաւ հերոսամարտի դերի եւ նշանակութեան մասին` նշելով, որ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հաստատուած մուսալեռցիները կայացած են, ստեղծած հայրենակցական միութիւններ եւ կը պահպանեն իրենց հայրերու ու պապերու անկոտրում կամքը ու ոգին, աւանդոյթներն ու սովորոյթները:

«Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ Պերճ Ղազարեան ներկայացուց Սեպտեմբեր 15-էն` հրամանատար Եսայի Եաղուբեանի շիրիմին այցելութեամբ  մեկնարկած ձեռնարկներու ժամանակացոյցը: Ան մասնաւորապէս կարեւոր համարեց Սեպտեմբեր 17-ին ԵՕՀ-ի մէջ կայանալիք գիտաժողովը` նուիրուած Մուսա լերան հերոսամարտին, Սեպտեմբեր 18-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ Մուսա լերան հերոսամարտին եւ մուսալեռցիներու կենցաղին նուիրուած ժամանակաւոր ցուցասրահի բացումը, Սեպտեմբեր 20-ին` ժ.19:00-ին Երեւանի Շահումեան հրապարակէն 40 երիտասարդներու քայլերթը Երեւանէն դէպի Մուսա լերան յուշահամալիր եւ այլ ձեռնարկներ:

            Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմնի նախագահ Եսայի Հաւաթեան խօսեցաւ «Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան կողմէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մասնաճիւղերուն մէջ իրականացուող աշխատանքներուն մասին` մասնաւորապէս անդրադառնալով Լիբանան կայացած 18 ձեռնարկներուն:  Եսայի Հաւաթեան նշեց, նաեւ որ ատոնց մասնակցած են հազարաւոր հայեր, իսկ շուտով Հայաստան կը ժամանեն 66 ուխտաւորներ` մասնակցելու Սեպտեմբեր 20-ին Երեւանէն Մուսալեռի յուշահամալիր քայլերթին եւ միւս ձեռնարկներուն:

Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմնի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` մշտական աջակցութեան համար: «ՀՀ սփիւռքի նախարարը առանձնակի ջերմութեամբ կը վերաբերի մեր միութեան եւ բոլոր այնճարցիներուն, որոնք մէկ բռունցք դարձած կը տօնեն հերոսամարտի 100-ամեակը», – աւելցուց ան:

«Մուսալեռ» հայրենակցական միութեան երիտասարդական թեւի պատասխանատու Գաբրիէլ Փանոսեան կոչ ըրաւ մասնակցելու քայլերթին, ներկայ գտնուելու Մուսալեռ գիւղին մէջ հարիսայի պատրաստման հանդիսաւոր արարողութեան եւ շուրջպար հանդէսին: Գ.Փանոսեան աւելցուց, որ ձեռնարկներու ծիրէն ներս Սեպտեմբեր 20-ին Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական  պետական թատրոնին մէջ կը բեմադրուի Ֆրանց Վերֆելի «Մուսալերան 40 օրը» ներկայացումը:

Ասուլիսի աւարտին բանախօսները պատասխանեցին լրագրողներու հարցերուն:

musaler1 musaler2

Scroll Up