ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները այցելեցին վթարի ենթարկուած սուրիահայ աղջկան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/09/aaa.jpg)
Օգոստոս 13-ին Երեւանի Խանջեան փողոցի մէջ վրաերթի ենթարկուած 16-ամեայ սուրիահայ Նաթալի Սարիմանուկեանի առողջական վիճակը կը շարունակէ մնալ մտահոգիչ, եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի Նաթալիի ապաքինման ընթացքին:
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը դժբախտ պատահարէն ետք այցելած էր Նաթալիին` “Հերացի” թիւ 1 հիւանդանոցային համալիր: Գերատեսչութեան ղեկավարը տեղւոյն վրայ բուժանձնակազմէն հետաքրքրուած էր աղջկայ առողջական վիճակով եւ խնդրած ընել հնարաւոր ամէն ինչ` աղջնակի արագ առողջացման համար:
Սեպտեմբեր 10-ին նախարարը յանձնարարութեամբ նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան ու Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտօնեանն այցելեցին հիւանդանոց եւ տեղեկացան, որ Նաթալիի վիճակը կայուն է եւ աղջիկը արագ կ’ապաքինուի: