Հայերէնի դասընթացներու նոր ուսումնական տարին Կիեւի մէջ սկսաւ հարսանիքով

Հայերէնի դասընթացներու նոր ուսումնական տարին սկսաւ ուսանողներուս հերթական հարսանեաց հանդէսով: Հայուհի Եանան կ’երազէր սորվիլ մայրենի լեզուով գրել եւ կարդալ: Քանի մը ամիս անց հայերէն սորվելու ցանկութիւն յառաջացաւ Արմանի մօտ: Անոնք կը սորվէին տարբեր խումբերու մէջ, տարբեր օրեր: Սիրոյ հրեշտակը կը դիտէր այս գեղեցիկ երիտասարդները եւ հետեւութիւններ կ’ընէր:
Աւարտական երեկոյին, երբ հրաւիրուած էին բոլոր ուսանողները, հրեշտակը իրականացուց իր մտայղացումը: Սէրը առաջին իսկ հայեացքէն ծնաւ եւ բոցավառեց այս գեղեցիկ երիտասարդներու սրտերը: Եւ այսօր, երկու տարի անց, անոնք կազմեցին ընտանիք: Թող որ սիրոյ հրեշտակը ձեր կեանքի մշտական ուղեկիցը ըլլայ, սիրելիներս: Եւ ես հաճոյքով նշեմ,որ հերթական հայ ընտանիքը Սփիւռքի մէջ ստեղծուեցաւ հայերէն սորվելու ցանկութեան պատճառով:
Սորվէ՛ք հայերէն, խօսէ՛ք հայերէն, ստեղծէք հայ ընտանիքներ, մեր հա՛յ երիտասարդներ:
Ռուզաննա Մարտիրոսեան
ք.Կիեւ