ՄԱԿ-ի Փախստականներու գրասենեակը կ’ակնկալէ մինչեւ 3 հազար սուրիացիի մուտքը Հայաստան

Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցող իրավիճակը` կապուած փախստականներու խնդիրին հետ, չի կրնար լուրջ ազդեցութիւն ունենալ Հայաստանի վրայ եւ չակնկալեր սպասածէն աւելի մեծ փախստականներու հոսք դէպի Հայաստան:
Արցախփրէսի փոխանցմամբ` լրագրողներուն հետ զրոյցին մէջ ըսաւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գրասենեակի իրաւաբանական բաժինի ղեկավար Քէյթ Փոչապսկին:
ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ փախստականները սովորաբար կը նախընտրեն այնպիսի երկիրներ, ուր բարեկեցութեան եւ կեանքի մակարդակը աւելի բարձր է: Այս պարագային այդքան ալ էական չէ այն, որ որոշ երկիրներու հետ իրենց ծագման երկիրը կրնայ ունենալ դարաւոր եւ պատմական բարեկամութիւն:
«Մեր գնահատականներով` կը սպասուի մինչեւ 3000 սուրիացիի հոսք դէպի Հայաստան: Սակայն ատիկա միանգամէն, այլ կ’ըլլայ փուլ առ փուլ: Այս առնչութեամբ կազմակերպութիւնը նախապաստրաստական աշխատանքներ կը տանի»,-նշեց Քէյթ Փոչապսկին: