ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանի Արտակարգ Ներկայացուցչական Ժողով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/01124.jpg)
ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանի Արտակարգ ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ 14 օգոստոսին, Հալէպի մէջ: Այս մասին կը հայտնէ Perio News-ը:
Ժողովը իր յարգանքն ու մեծարանքը արտայայտեց Սուրիոյ տագնապալի կացութեան ընթացքին զոհուած ՀՄԸՄ-ականներուն եւ համայն նահատակներու յիշատակին:
Ժողովը առիթ եղաւ ծանօթանալու եւ քննարկելու Սուրիոյ զանազան մասնաճիւղերու գործունէութիւնները, նաեւ յառաջիկայ գործունէութեան շուրջ առաջադրանքներ բանաձեւեց:
Յառաջիկայ սեպտեմբերին Երեւանի մէջ գումարուելիք ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական ժողովին համար Ներկայացուցչական ժողովը բանաձեւեց իր առաջարկները եւ ընտրեց մասնակից պատգամաւորները: