«Արի տուն-2015»-ի մասնակից. «Անհամբեր կը սպասեմ Խոր Վիրապ այցելութեան, որպէսզի Արարատը մօտէն տեսնեմ»

Միքայէլ Դալլաքեան Ուքրանիոյ Տոնեցկ քաղաքէն է: Ուքրանիոյ մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակին պատճառով 2014 թուականին ընտանիքին հետ միասին տեղափոխուած է Հայաստան:

Սակայն, ինչպէս Միքայէլը կ’ըսէ, ամառնային արձակուրդներուն միշտ եկած է Հայաստան եւ լաւ ժամանակ անցուցած: Տասնչորս տարեկան պատանին հետաքրքրուած  է Հայոց պատմութեամբ, կ’ուզէ գիտնալ, թէ ի՞նչ ծագում ունի հայ ժողովուրդը եւ ի՞նչ ճանապարհ  անցած է:

Միքայէլին հոգեհարազատ են Հայաստանի տեսարժան, պատմամշակութային վայրերը:  Երբ ամէն առաւօտ պատուհանը բանալով Արարատ սարը կը տեսնէ, անոր հոգիին մէջ հայ ըլլալու հպարտութիւնը կը մեծնայ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Սփիւռքի երիտասարդներու  «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրին  մասնակցելու խորհուրդ տուած է մօր ընկերուհին, որ քաջատեղեակ եղած է ծրագիրէն: Տղան նոյնպէս իմացած է, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը նման ծրագիր կ’իրականացնէ եւ ոգեւորութեամբ սպասած է, թէ երբ մասնակցելու համար յայտադիմում պիտի լրացնէ:

Անոր համար կարեւորը այն է, որ ծրագիրի ծիրէն ներս եւս մէկ անգամ հնարաւորութիւն պիտի ունենայ մանրամասն տեղեկութիւն ստանալու Հայաստանի մասին, ազգային արժէքներուն, որ նուաճում կը համարէ իր կեանքին համար: Իսկ հասակակիցներուն հետ մտերմանալը հեշտ եղած է, առանց խնդիրներ յառաջացնելու ընկերացած են  իրարու հետ եւ կը պատմեն իրենց երկիրներու սովորոյթներուն մասին:

Արդէն  քանի մը օր է` Միքայէլը «Արի տուն» ծրագիրով կը շրջագայէ Հայաստանի տարբեր վայրերով: Հարցին, թէ ինչ տպաւորութիւններ  ունի ծրագիրին մասին, ան պատասխանեց. «Տպաւորութիւններս հիանալի են, ամէն ինչ հիանալի կազմակերպուած է, անհամբեր կը սպասեմ Խոր Վիրապ այցելութեան, որպէսզի Արարատը մօտէն տեսնեմ»:

Գէորգ Չիչեան

 

Scroll Up