Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ գրողներու անգլերէն ժողովածուն ներկայացուած է Պուխարեստի մէջ

Յուլիս 12-ին Պուխարեստի Հայկական մշակութային տան մէջ ներկայացուեցաւ «Հողը կը խօսի» անգլերէն ժողովածուն, ուր ամփոփուած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Գիրքը ներկայացուցին կազմող եւ հրատարակիչ Տիգրան Գափոյեան, բանաստեղծներ Լեւոն Բլբուլեան եւ Հերմինէ Նաւասարդեան: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Համլէթ Գասպարեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ, Ռումանիոյ գրողներու միութեան փոխնախագահ Վարուժան Ոսկանեան, Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ, Տէր Տաթեւ Եպիսկոպոս Յակոբեան:
Հայաստանի գրողներու միութեան հրատարակութեամբ այս տարի լոյս տեսած ժողովածուին մէջ տեղ գտած են Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Ռուբէն Սեւակի, Գրիգոր Զոհրապի եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած արեւմտահայ այլ գրողներու գործերու թարգմանութիւնները:
Ձեռնարկին յաջորդած զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան հայ դասական եւ ժամանակակից գրականութիւնը ռումանացի ընթերցողներուն ներկայացնելու հարցեր, որուն շուրջ նախնական պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Հայաստանի գրողներու միութեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան եւ Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան միջեւ:
Հայ գրողներու խումբը Յուլիս 8-15-ին մասնակցեցաւ Ռումանիոյ Արճեշ նահանգին մէջ իրականացուող «Կուրտիա տէ Արճեշի բանաստեղծութեան գիշերներ» միջազգային գրական փառատօնին, որ իր 19-րդ թողարկման շուրջ համախմբած է Ամերիկայի, Ասիոյ, Աւստրալիոյ եւ Եւրոպայի տասնեակ բանաստեղծներ, արձակագիրներ, երաժիշտներ, նկարիչներ եւ գիտնականներ: