Փաթրիք Մալաքեանը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ

Յուլիս 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ հիւրընկալուեցան աշխարհահռչակ բեմադրիչ Անրի Վերնոյի որդին` Փաթրիք Մալաքեանը եւ ֆրանսահայ գործարար Ռեմի Մեքենէճեանը:

Ներկայացնելով հիւրերը ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ջերմօրէն խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ Փաթրիք Մալաքեանի իրականացուցած ծրագիրներուն մասին: Ի յիշատակ իր նախնիներուն  ան Մարսէլէն իրականացուցած  է յուզիչ ճամփորդութիւն մը. մոթորսայքլով կտրելով եւրոպական շարք մը երկիրներ`  մտած է Թուրքիա, եղած հօր ծննդավայրը` Ռոտոսթոյի մէջ,  անցած է Արեւմտեան Հայաստանով եւ այնտեղէն մտած Հայաստան: Միւս կարեւոր ծրագիրը` Ֆրանսայի մէջ Անմոռուկի պատկերով դրոշմանիշի ու դրոշմաթուղթի տպագրութիւնն է` «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսով, որուն շնորհանդէսը կայացաւ վերջերս` Մարսէլի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս:

 Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Փաթրիք Մալաքեան խօսեցաւ իր ազգային զգացողութիւններուն մասին: Ան նշեց, որ ինք խորապէս կապուած է իր հայկական արմատներուն եւ կ’ափսոսայ, որ չի տիրապետեր  հայերէնին, սակայն կը փորձէ սորվիլ: Ապա պատմեց այն դժուարութիւններուն մասին, որ ունեցած է դրոշմանիշի եւ դրոշմաթուղթերու տպագրութեան ընթացքին, քանի որ չէր խրախուսուիր «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթի օգտագործումը: Եւ, այնուամենայնիւ, ան կրցած է յաղթահարել խոչընդոտներն ու իրականացնել իր ծրագիրը: Փաթրիքը յատուկ շնորհակալութեամբ նշեց, որ միշտապէս զգացած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի աջակցութիւնը:

 «Ես երջանիկ եմ, որ կրցած եմ իմ տուրքը տալ նախնիներուս յիշատակին: Ես խոր յարգանք ունիմ այն մարդոց նկատմամբ, որոնք կրցան պահել-պահպանել Հայաստանն ու հայութիւնը: Մեծ երջանկութիւն է, որ  հնարաւորութիւն ունեցաք երկիր կառուցել, հայրենիք պահել» , –  ըսաւ ՓաթրիքՄալաքեան` իր խօսքի աւատին:

Զարմանալի զուգադիպութեամբ նոյն օրը նախարար Հրանոյշ Յակոբեան «Մովսէս Խորենացի» մետալ յանձնեց Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէն Սիլվա Գույումճեանին, ուր ի թիւս բազմաթիւ հայ ականաւոր մտաւորականներու, յաճախած  է նաեւ Աշոտ Մալաքեան, նոյն ինքը` աշխարհահռչակ բեմադրիչ Անրի Վերնոյը:

gg

Scroll Up