Արի տուն-2015. Կը պատմեն արիտունցիները…
Կը շարունակուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրը: Հայրենիքի մէջ անցուցած օրերուն մասին տպաւորութիւնները պատանիներն ու աղջիկները կիսած են «Հայերն այսօրի» հետ:
Նարեկ Արպճեան – Շատ սիրեցի «Արի տուն» ծրագիրը: Տարբեր վայրեր շրջելու գացինք, նոյնիսկ վայրեր կային, ուր ընդհանրապէս չէի գացած: Աչքիս ամէն ինչ գեղեցիկ կը թուի Հայաստանի մէջ: Յուսամ, որ ճամբարային օրերը լաւ կ’անցնին` յագեցած առօրեայով: Անկեղծ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մեզի Հայաստանի մէջ շրջագայելու հնարաւորութիւն ընձեռելու համար:
Շիրազ Սուլթանեան – «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելով` կրցայ աւելի շատ բացայայտել երկիրս: Յատկապէս ուրախացայ հայոց լեզուի դասընթացներուն մասնակցելուս: Դասաժամերուն տարբեր թեմաներ կ’ուսումնասիրենք, որմէ շատ կ’ոգեւորուիմ: Հիմա արդէն հայերէնի գիտելքներս աւելցուցի, որուն համար երախտապարտ եմ մեր ուսուցչուհիին:
Փիեր Սուլթանեան – Մեծ հնարաւորութիւն տրուեցաւ ինծի ճանչնալու, թէ Հայրենիքս ինչ անցեալ ունեցած է: Ժամանակս «Արի տուն» ծրագիրէն ներս հիանալի կ’անցնի, ընկերներուս հետ ճանապարհին տարբեր թեմաներու շուրջ կը զրուցենք, կարծիքներ կը փոխանակենք: «Արի տուն» ծրագիրէն ստացած գիտելիքներս պիտի փոխանցեմ յաջորդ սերունդներուն:
Դաւիթ Տէր-Վարդանեան – Ես անչափ հպարտ եմ, որ եկած եմ Հայաստան եւ կը մասնակցիմ «Արի տուն» ծրագիրին: Այնքան տպաւորուած եմ իմ անուշ Հայաստանով եւ հայոց լեզուով, որ դեռ երկար ժամանակ յիշողութեանս մէջ պիտի պահեմ ծրագիրէն ներս անցուցած օրերս:
Մերի Չարշաֆճեան – ճանչցայ Հայրենիքս, գացի իմ երազած եկեղեցիները, տեսայ գեղեցիկ վայրերն ու հայկական բնութիւնը: Սակայն ամէնէն շատ սիրեցի զօրամաս երթալու օրը, երբ ծանօթացայ մեր զինուոր-տղաներուն: Անոնց շնորհիւ է, որ այսօր հանգիստ կը քնանանք ու խաղաղ երկնքի տակ կ’ապրինք:
Աւօ Արոյեան – «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցելով` ծանօթացայ Հայաստանի հարստութիւններուն` տեսարժան վայրերուն, սրբատեղիներուն, պատմամշակութային յուշարձաններուն, խաչքարերուն, այցելեցի թանգարաններ: Ինքզինքիս խօսք տուած եմ` երբեք չմոռնալ Հայրենիքիս հարստութիւնները:
Պատրաստեց Գէորգ Չիչեան