Սթամպուլի մէջ յարգած են հայ սոցիալիստներու յիշատակը

Սթամպուլի հայերու կողմէ հիմնուած «Նոր Զարթօնք» նախաձեռնութեան անդամները Էդիրնեքափըի հայկական գերեզմանատան մօտ յարգանքի տուրք մատուցած են 1915 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուած սոցիալիստ գործիչ Մաթէոս Սարգսեանի (Փարամազ) եւ 19 այլ յեղափոխական գործիչներու յիշատակին, կը գրէ «Արմէնփրէս»ը:
Թրքական marksist.org-ի փոխանցմամբ` հաւաքուածները յիշած են, թէ ինչպէս Յունիս 14-15-ը Սթամպուլի Պայազետ հրապարակին վրայ հայ գործիչները կախաղան բարձրացուեցան: «Պետութիւնը այդ օրուընէ մինչ օրս ընդհանրապէս չէ փոխուած: Ինչպէս դատեցին Փարամազն ու անոր ընկերները, այնպէս ալ 301-րդ յօդուածով դատեցին Հրանդ Տինքը եւ դատապարտեցին մահուան:
Պետական դատարանը որոշում կայացուց, որ Սեւակ Պալըքչըն «դժբախտ պատահարի պատճառով» զոհուած է, իսկ Սամաթիոյ մէջ յարձակման ենթարկուած հայ կանանց եւ գազանաբար սպաննուած Մարիցա Քիւչուքի գործը դեռ չէ բացայայտուած, կը շարունակուի հայերը սպաննողներուն պարգեւատրելու գործընթացը»,- նշած է «Նոր Զարթօնք»-ի անունէն յայտարարութիւն ըրած Սայաթ Թեքիրը` նշելով, որ մեր օրերուն կը շարունակուին յարձակումները հայկական մշակութային ժառանգութեան վրայ:
Յիշատակելով մահուընէ առաջ ընկերներուն ուղղուած Փարամազի հետեւեալ խօսքերը. «Ընկերներ, անվախ կ’երթանք մեռնելու, գլուխնիս բարձր պահած», Թեքիրը նշած է, որ հայ սոցիալիստներու յիշատակը շարունակած են վառ պահել իրենց պայքարով: