Աւստրալահայերը սուրիահայերուն աջակցելու համար դրամահաւաք կ’իրակաացնեն

Աւստրալահայ համայնքը կը կանգնի հալեպահայերու կողքին եւ կը փորձի դրամական եւ նիւթական միջոցներով աջակցիլ պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող եղբայրներուն, կը գրէ Armenpress-ը:

Armeniaau.com-ի փոխանցմամբ` Աւստրալիոյ մէջ Յունիս 22-էն մէկ շաբաթ շարունակ կ’իրականացուի “Օգնէ հալեպահայերուն հիմա” բարեգործական ձեռնարկը, որուն ընթացքին հաւաքած ողջ գումարն ու նիւթական այլ միջոցները պիտի փոխանցուի Հալէպի մէջ բնակող հայերուն:

Բարեգործական նախաձեռնութիւնը կ’եզրափակուի Յունիս 28-ին մեծ համերգով, ուր կ’ազդադարուի նաեւ գումարի չափը: Բարեգործական շարժման նախաձեռնած հայկական 6 կազմակերպութիւնները մինչ ձեռնարկի մեկնարկը նաեւ տարածած են հաղորդագրութիւն, ուր նշած են, որ ողջ համայնքը կը հետեւի Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ դժուարագոյն պահուն չի կրնար չաջակցիլ հալեպահայերուն:

“Աանոնք այժմ կը գտնուին շատ վատ վիճակի մէջ: Եւ մենք դրամական աջակցութեամբ կրնանք օգնել անոնց: Անոնք չունին սնունդ, ջուր եւ դեղորայք: Հաւաքուած դրամական եւ նիւթական միջոցները կ’օգնեն անոնց լուծելու այդ խնդիրները”,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Scroll Up