ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ամերիկահայ բժիշկ Յակոբ Անթառամեանը

Մայիս 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ամերիկահայ  բժիշկ- endocrinologist  Յակոբ Անթառամեանը:

Ողջունելով հիւրը, նախարարը բարձր գնահատեց Յակոբ Անթառամեանի պատրաստակամութիւնը` իր երկարամեայ բժշկական փորձը Հայաստանի մէջ տարածելու:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Յակոբ Անթառամեան մասնաւորապէս նշեց. «Շատ ուրախ եմ Հայրենիքի մէջ գտնուելուս համար: Վերջին անգամ այստեղ եղած եմ 20 տարի առաջ եւ  այսօր արդէն կը տեսնեմ վերափոխուած Հայաստան: Կը ցանկամ ստանալ ՀՀ քաղաքացիութիւն, Հայրենիքի մէջ բուժարան հիմնել, դրամատներուն մէջ ներդրումներ կատարել եւ իմ տարիներու ունեցած փորձով օգնել շաքարախտով տառապող հիւանդներուն»:

Անթառամեան նշեց նաեւ, որ կը նախատեսէ աշնան ընտանիքին հետ միասին այցելել  հայրենիք, տուն գնել եւ իրականացնել  իր նուիրական մտադրութիւնները:

Scroll Up