Այսօր Համբարձման Տօնն Է

Այսօր Քրիստոսի Համբարձման տօնն է: Տօնը կը նշուի Քրիստոսի Յարութեան 40-րդ օրը, 35 օրուան շարժունակութեամբ` Ապրիլ 30-էն մինչեւ Յունիս 3` Հինգշաբթի: Յարութենէն ետք Քրիստոս 40 օր կը մնայ երկրի վրայ եւ կ՛երեւի իր աշակերտներուն: Այդ ընթացքին Յիսուս իր վարդապետութիւնը կ՛ուսացանէ անոնց, իսկ վերջին հանդիպման ժամանակ կ՛օրհնէ ու պատգամներ կու տայ առաքեալներուն, որմէ ետք կը համբարնայ երկինք:

Քրիստոսի Համբարձման մասին կը վկայեն Մարկոս եւ Ղուկաս աւետարանիչները, վկայութիւններ կան նաեւ Գործք Առաքելոցի մէջ. «Եւ Ինքը` Տէր Յիսուս, անոնց հետ խօսելէ ետք, դէպի երկինք վերացաւ եւ նստաւ Հօր աջ կողմը» (Մարկ. 16:19):

Քրիստոսի Համբարձման տօնը կ՛ուղեկցուի նաեւ ժողովրդական հանդիսութիւններով եւ կը կոչուի Ջանկիւլում (կիւլ` կը նշանակէ վարդ, ծաղիկ): Հին ժամանակ Համբարձման օրուան տօնակատարութիւնները կը սկսէին Չորեքշաբթիէն: Կանայք այդ օրը կ՛անուանէին «ծաղկամօր Կիրակի»:

Արարատեան հայրապետական թեմի պաշտօնական էջի փոխանցմամբ,  ծաղկամայրը, ըստ աւանդութեան, քրիստոնեայ Վարվառէ կոյսն է, որ փախչելով կռապաշտ հօրմէ, կ՛ապաստանի Աշտարակի մօտ գտնուող Արայի լերան քարանձաւին մէջ: Հայրը կը հետապնդէ աղջիկը, կը գտնէ, ուր ան ապաստանած էր եւ կը սպաննէ զայն: Նահատակուելէ առաջ Վարվառեն կը խնդրէ Աստուծմէ, որ ծաղիկ եւ կարմրուկ հիւանդութիւններ ունեցող մանուկները բժշկուին իր անունով: Աստուած կը կատարէ անոր խնդրանքը, եւ Վարվառէի բարեխօսութիւնը խնդրող ծնողներուն զաւակները կ՛ազատուին այդ հիւանդութիւններէն: Այդ քարանձաւը դարձած է ուխտատեղի: Քարանձաւի պատերէն մշտապէս ջուր կը հոսի, որ ունի բուժիչ յատկութիւն: Ժողովուրդը հաւատացած է, որ այդ ջուրը Վարվառէ կոյսի արցունքներն են:

Համբարձման տօնը Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ իւրովի կը նշուի: Սակայն նախապէս կը կատարուի ծաղկահաւաք: Տօնի ժամանակ ամէն տեղ կը կատարուի վիճականահութիւն եւ կը պարզուի, թէ տուեալ տարին որ աղջիկը պիտի ամուսնանայ: Տօնին օրը ջուրով լի կուժերու մէջ կը նետեն ծաղիկներու տերեւներ եւ աղջիկներուն պատկանող զանազան իրեր: Այնուհետեւ դեռահաս աղջկայ մը կը հագցնեն հարսի զգեստ, կը վերցնեն կուժերը, ծաղիկները եւ կը շրջին տունէ տուն: Այս ամէնուն կ՛ընկերանան երգեր, կատակներ եւ դրամահաւաք: Յետոյ կը սկսուի վիճակահանութիւնը, որուն կը պատկանի առաջին իրը, անոր մօտալուտ ամուսնութիւն կը սպասէ: Կուժէն կը հանեն միւս իրերը, որոնց պատկանող անձերուն խրատներ եւ բարեմաղթանքներ կը տրուին:

Scroll Up