Թուրքիոյ մէջ Հռոմի Պապի դէմ դատական գործ չեն յարուցեր

Թուրքիոյ մէջ Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոս առաջինի դէմ ներկայացուած դատական հայցը մերժուած է: Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքի բնակիչ Ջօշքուն Ըշըք Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Հռոմի Պապի յայտարարութենէն յետոյ դատարան դիմած էր` վերջինիս մեղադրելով «զրպարտութիւն եւ ատելութիւն տարածելու» մէջ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական «Haberler» լրատուական կայքը, կը գրէ ermenihaber.am-ը, Իզմիրի հանրապետական դատախազութիւնը մերժած է հայցը` նշելով, որ մեղադրուող կողմը պետութեան ղեկավար է եւ ունի դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն, որուն պատճառով ենթակայ չէ դատական հետապնդման:
Յիշեցնենք, որ կաթոլիկներու առաջնորդը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ Ապրիլ 12-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ պատարագ մատուցած էր` ի յիշատակ 1.5մլն անմեղ զոհերու: Պատարագի ժամանակ Ֆրանչիսկոս առաջինը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրականացուած
կոտորածները անուանած էր 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն: