Քնեսեթի Նախագահը Կոչ Ուղղած Է` Վերանայելու Ցեղասպանութեան Հարցին Գծով Իսրայէլի Դիրքորոշման

Քնեսեթ նախագահ Եուլի Էտելշթէյնը կոչ ուղղած է` վերանայելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին գծով Իսրայէլի դիրքորոշման` տեղի ունեցած սպանութիւնները մարդկութեան դէմ «բարոյական բիծ» նկատելուն:

«Պատմութիւնը կարելի չէ փոխել: Դիւանագիտութիւնը այլեւս չի կրնար աղէտը ստուերել», – ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «Ճերուզալեմ Փոս» օրաթերթը, Քնեսեթի նիստին յայտարարած է Էտելշթէյնը:

Անոր համաձայն` գաղտնիք չէ, որ Իսրայէլը Ցեղասպանութեան հարցին մէջ հակասական դիրքորոշման մէջ է: Եուլի Էտելշթէյն այս կեցուածքը նկատած է «շատ անվճռական եւ շատ զուսպ»:

«Որպէս հրեայ` մենք չենք կրնար լուռ մնալ: Մենք չենք կրնար աչք խփել կամ նուազեցնել հայկական ողբերգութեան տարողութիւնը», յայտարարած է Քնեսեթի նախագահը:

Scroll Up