Միացեալ Նահանգներուն Փոխնախագահը Մասնակցեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ձեռնարկին

Երէկ երեկոյեան Ուաշինկթընի Ազգային մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած միջկրօնական աղօթքը, որուն ներկայ գտնուեցան աշխատանքային այցելութեամբ Ուաշինկթըն  գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Միացեալ Նահանգներու երկրորդ ամէնէն ազդեցիկ պաշտօնատարը` փոխնախագահ Ճօ Պայտըն, Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսները, Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ օրէնսդիրներ, հազարաւոր քաղաքացիներ: Արարողութեան աւարտին Հայաստանի նախագահը արտասանեց իր խօսքը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ առաւօտեան  այցելեց Ողջակիզումի թանգարան, ուր արձանագրութեան մատեանին մէջ գրեց.

«Ասիկա վայր մըն է, որ իր պատերուն ներքեւ  կ՛ամփոփէ խոր թախիծ եւ միաժամանակ յոյսի մեծ շող` շեշտադրելով անցեալին հետ առերեսուելու առաւելութիւնը ընդդէմ անցեալի ժխտման եւ քողարկման: Մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մասին պատմող թանգարանները «յստակ ուղերձ են ներկայ եւ  ապագայ սերունդներուն, որպէսզի միշտ վառ պահեն անցեալի դառն յիշողութիւնները` անոնցմէ  դասեր քաղելու եւ զանոնք սերունդէ սերունդ փոխանցելու համար»:

Այցելութեան ընթացքին Հայաստանի նախագահին ներկայացուած է Հիթլերի յայտնի խօսքերով առանձին պատը, որուն վրայ գրուած է.  «Ո՞վ այսօր կը յիշէ հայերու կոտորածին մասին»:

Ըստ թանգարանի աւագ խորհրդական Արթուր Պերկերի, Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը  շատ կարեւոր է, որովհետեւ Հայաստանի նման եզակի պատմութիւն ունեցող երկրի նախագահը հիւրընկալելը մեծ պատիւ է:

Այս մասին յայտնած է Ազդակ:

01 02 03 04 05 06

Scroll Up