Այնճարի Մէջ. Դոկտ. Նորա Արիսեանի` «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակ. 100 Արաբական Վկայութիւններ» Հատորին Շնորհահանդէս

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով` շաբաթ, 2 Մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Նորա Արիսեանի` «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ. 100 արաբական վկայութիւններ» հատորին շնորհահանդէսը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական- քարոզչական յանձնախումբին: Այս մասին կը հաղորդէ «Մուսա լեռ-Այնճար» կայքը:

Բացման խօսքէն ետք ասմունքով հանդէս եկան Նարէ Փիլաւճեան, Կրէյս Փալթաճեան, Շաղիկ Պէրպէրեան եւ Սեւատա Անտոնեան` կատարելով Վահագն Դաւթեանի «Ռեքուիեմ»-ը: Ձեռնարկին ներկայ էին Գիւղի հոգեւոր ներկայացուցիչները, Այնճարի քաղաքապետը, միութիւններու ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ: Դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Ռիթա Լագիսեան: Ան ըսաւ, որ պատմաբաններու եւ գրողներու օտարալեզու ուսումնասիրութիւններն ու հրատարակութիւնները մեծ դեր կրնան ունենալ հայկական հարցը օտար հանրութեան եւ պետութիւններուն ծանօթացնելու առումով: Լագիսեան շնորհաւորեց դոկտ. Նորա Արիսեանը իր բազմաթիւ հրատարակութիւններուն  եւ մասնաւորաբար իր վերջին գիրքի հրատարակութեան առիթով` անոր մաղթելով մնայուն յաջողութիւն:

Այնուհետեւ Եսայի Հաւաթեան ներկայացուց դոկտ. Նորա Արիսեանի կեանքն ու գործը` անդրադառնալով անոր թարգմանական, պատմագիտական եւ հրապարակագրական աշխատանքներուն: Ան բարձր գնահատեց դոկտ. Նորա  Արիսեանի տարած բեղուն գործունէութիւնը յատկապէս արաբական երկիրներուն մէջ` Հայ դատի ճանաչման աշխատանքներուն  ծիրին մէջ: Հաւաթեան նաեւ շնորհաւորեց դոկտ. Արիսեանը իր վերջին հատորին հրատարակութեան առիթով:

Ապա ջութակի վրայ Շաղիկ  Հապէշեան ներկայացուց «Կռունկ» երգին եղանակը:

Դոկտ. Նորա Արիսեան

Այնուհետեւ դոկտ. Նորա Արիսեան հրաւիրուեցաւ ներկայացնելու իր գիրքը: Ան ըսաւ, որ այս գիրքը գրելու հիմնական նպատակներէն մէկն էր նոր էջ մը բանալ Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մարզին մէջ` արաբ պատմաբաններու վկայութիւնները  եւ դիրքորոշումերը ներկայացնելով արաբ ժողովուրդներուն, արաբերէնով, այս նպատակով ալ ան օգտագործած է արաբական տարբեր երկիրներէ տարբեր աղբիւրներ:

Ան գիրքին մէջ նաեւ արձանագրած է արաբական երկիրներու նախագահներու եւ այլ բարձրաստիճան անհատներու յայտարարութիւնները, որոնց մէջ անոնք յիշած են Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ  դատապարտած Թուրքիոյ կառավարութիւնը:

Գիրքին մէջ տեղադրուած է նաեւ յատուկ ուսումնասիրութիւն մը Ծիծեռնակաբերդ այցելած բոլոր արաբ անձնաւորութիւններուն եւ պատուիրակութիւններուն գրառումներուն մասին:

Դոկտ. Արիսեան իր խօսքը աւարտեց նշելով, որ իր ցանկութիւնն է, որ իր գիրքը օգտակար դառնայ հայկական հարցին նկատմամբ արաբական երկիրներու մօտեցումին եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին:

Գիրքին ներկայացումէն ետք ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու դոկտ. Արիսեանին:

Ապա Սեւան Սարգիսեան ներկայացուց Ժագ Ս. Յակոբեանէն քերթուած   մը:
Գիւղի հոգեւոր հայրերը գինիով օծեցին գիրքը եւ  օրհնելէ ետք զայն` յանձնեցին հեղինակին:

Բոլոր փափաքողներուն վաճառուեցան գիրքէն օրինակներ` հեղինակին մակագրութեամբ:

5-04-15_nora4

Scroll Up