15-ամեակ. «Ովասիս 2013» Ամառնային Ծրագիրը Սկսաւ Նոր Եռանդով Եւ Իւրայատուկ Ծրագիրներով
Յունիս 29-ին տեղի ունեցաւ «Ովասիս 2013» ամառնային ծրագիրի անձնակազմին ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին քննութեան առարկայ դարձան «Ովասիս»-ի ծրագիրը, աշխատանքներն ու հոլովոյթը: Այս առիթով, Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ նշեց, որ այս տարի «Ովասիս»-ի 15-ամեակն է, եւ այս շրջագիծին մէջ պիտի իրականան ան 15-ամեակի իւրայատուկ նախաձեռնութիւններ, ինչպիսին է քերմեսի եւ ճաշկերոյթի կազմակերպումը:
Անձնակազմին մաս կազմող նոր անդամներուն ծանօթացումէն ետք, Կրեկուար Գալուստ ըսաւ, որ այս տարի նախկին ովասիսականներ արդէն մաս կը կազմեն «Ովասիս 2013»-ի տեսչական կազմին, ինչ որ սերնդափոխութեան եւ գոյատեւման լաւ ցուցանիշ է: Մեսրոպեանի տնօրէնը յոյս յայտնեց, որ այս տարի եւս «Ովասիս»-ը արձանագրէ նոր ոստումներ եւ առողջ ու հայեցի դաստիարակութեամբ ստեղծէ օգտակար, խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտ:
Ապա «Ովասիս»-ի ընդհանուր պատասխանատու Քարոլին Թերզեան ներկայացուց «Ովասիս»-ի ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ աշխատանքներու բաժանումը: Թերզեան մաղթեց, որ յառաջիկայ տարեշրջաններուն «Ովասիս»-ը ունենայ նոր ճիւղաւորումներ եւ աշխատանքներու նոր հորիզոններ:
Իսկ երէկ, առաւօտեան ժամը 7:30-էն սկսեալ «Ովասիս 2013» ամառնային ծրագիրին մասնակից աշակերտները, ընկերակցութեամբ իրենց ծնողներուն, ժամանեցին դպրոց: Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի Մեսրոպ Մաշտոցի արձանին դիմաց տեղի ունեցաւ «Ովասիս»-ի ամառնային ծրագիրի բացման հանդիսութիւնը: Բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք, մասնակից աշակերտները իրենց պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ մեկնեցան իրենց դասարանները, ուր սկսաւ «Ովասիս»-ի գործունէութիւնը:
Յայտնենք, որ «Ովասիս 2013» ամառնային ծրագիրը ունի փոքրերու (3-7) եւ մեծերու (8-13) խումբեր, որոնք բաժնուած են 10 դասարաններու մէջ: Իւրաքանչիւր դասարան կը կրէ պատմական Հայաստանի շրջաններու անուններ: Ծրագիրը իր աւարտին կը հասնի 24 օգոստոս 2013-ին:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ