«Անկախութեան 21 տարուան ընթացքին Հայաստան մեծ ճամբայ կտրած է».Սարգիս Եողուրթճեան

Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական դրամատան կառավարիչներու խորհուրդի անդամ, Միջազգային դրամատան, Միջազգային դրամական ֆոնտի եւ Միջազգային կարգաւորման դրամատան («Պի.Այ.Էս.» Պազըլ) խորհրդատու եւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճորճ Ու. Պուշի կողմէ «ՄԵՆԱ ֆայնենշըլ ռեկիւլէյթըրզ ինիշիաթիվ»-ի ատենապետ նշանակուած լիբանանահայ Սարգիս Եողուրթճեան երէկ այցելեց «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան եւ խմբագրութեան հետ: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ծանօթանալու ամերիկեան կառավարութեան մէջ բարձրաստիճան պաշտօնի հասած Պուրճ Համուտի նախկին բնակիչ Սարգիս Եողուրթճեանին, որ իր իսկ վկայութեամբ 1976-ին հեռացած է Լիբանանէն` իր ուսումը շարունակելու համար Կիպրոսի Մելքոնեան հաստատութեան մէջ, սակայն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի շարունակման պատճառով ստիպուած եղած է համալսարանական կրթութիւնը ստանալու համար «ժամանակաւոր» կերպով մեկնիլ Միացեալ Նահանգներ, ուր ի վերջոյ հաստատուած է` Լիբանանի մէջ տիրող առարկայական վատ պայմաններուն երկարատեւման լոյսին տակ:

Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ քննարկելու Լիբանանի եւ Հայաստանի դրամատնային համակարգերուն վիճակը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ դրամատնային մարզի վերջին ճգնաժամի դարմանման ջանքերէն ետք ստեղծուած իրավիճակը:

Խօսելով Լիբանանի դրամատնային համակարգին մասին` Եողուրթճեան յայտնեց, որ «Լիբանանի դրամատուները ուժեղ վիճակի մէջ են: 16 տարիէ ի վեր տարին 2-3 անգամ կ՛այցելեմ Լիբանան` տեղւոյն Կեդրոնական դրամատան եւ ելեւմուտքի նախարարութեան հետ աշխատանքներու համար: 6 վարչապետներու հետ աշխատած եմ: Կրնամ հաստատել, որ Լիբանանի դրամատուներուն վիճակը (պատրաստ դրամագլուխ եւ այլ հարցեր) ուժեղ է: Սակայն քաղաքական կացութեան հարց մը գոյութիւն ունի. Սուրիոյ, Իրաքի եւ ներկայիս Թուրքիոյ կացութիւնները իրենց ազդեցութիւնը ունին, որովհետեւ լիբանանեան դրամատուները այս երկիրներուն մէջ տարածուած են: Անշուշտ վնասներ կան, սակայն նոյնիսկ այդ վնասներով լիբանանեան դրամատուները տակաւին շատ ուժեղ են»:

Իբրեւ «ՄԵՆԱ Ֆայնենշըլ ռեկիւլէյթըրզ ինիշիաթիվ»-ի ատենապետ արաբական բոլոր երկիրներու դրամատնային համակարգերուն քաջածանօթ ըլլալով ան յայտնեց, որ «Լիբանանը աւելի լաւ դիրքի վրայ է: Դրամատնային մարզի ամէնէն ուժեղ օրէնքները ունի, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն իսկապէս հոյակապ գործ կը կատարէ: Լիբանանը արաբական աշխարհի դրամատնային կեդրոնն է, սակայն լիբանանցիք համոզուած չեն, թէ իրենց երկիրը այդպէս է, եւ մինչեւ որ չհամոզուին, պիտի չհասնին այդ դիրքին ու վարկին»:

Եողուրթճեան, մեկնելով Միջազգային դրամատան ֆոնտի խորհրդատուի իր պաշտօնէն, 1992-ի մարտին իբրեւ ֆոնտի ներկայացուցիչ միջազգային առաջին պատուիրակութեան մը հետ մեկնած է Հայաստան` տեղւոյն Կեդրոնական դրամատունն ու դրամատնային համակարգը ստեղծելու համար: «Բաղդատմամբ այլ յետխորհրդային երկիրներու, Հայաստանի դրամատնային մարզը աւելի լաւ վիճակի մէջ է: Նոյնիսկ Ռուսիոյ դրամատնային մարզէն հզօր է եւ դրամատուներու վերահսկողութեան շատ աւելի լաւ մակարդակ ունի», ըսաւ ան: «Սակայն օրին իմ պատրաստած օրէնքներս հետագային թուլացուցին», յայտնեց Եողուրթճեան` նշելով, որ անկախութեան 21 տարուան ընթացքին Հայաստան մեծ ճամբայ կտրած է եւ պէտք է համբերել ու տեսնել, թէ յառաջիկայ 21 տարուան ընթացքին Հայաստան ո՛ւր պիտի հասնի:

Նշենք, որ Եողուրթճեանի ջանքերով Երեւանը վերածուած է յետխորհրդային երկիրներու կեդրոնական դրամատուներու եւ «Պի.Այ.Էս.»-ի տարեկան ժողովներու կեդրոնի:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու մէջ դրամատնային մարզի վերջին ճգնաժամին եւ ատոր վտանգին` ան նշեց, որ «վտանգին մեծ մասը յաղթահարած ենք, սակայն դժբախտաբար ոչ բոլորը: Միայն Միացեալ Նահանգներէն կախում չունի, այսօր Եւրոպան շատ աւելի վատ վիճակի մէջ է, ատիկա իր ազդեցութիւնը ունի Միացեալ Նահանգներու վրայ, եւ փոխադարձաբար ամերիկեան վիճակը` Եւրոպայի վրայ»: «Չենք կրնար ըսել «մենք լերան գագաթը հասանք» եւ հանգստանալ: Ո՛չ, հասած չենք, սակայն ձորէն սկսած ենք դէպի վեր մագլցիլ: Այդ բոլորը արդիւնքն էին դրամատուներու վերահսկողութեան օրէնքի թուլացման: Գոյութիւն ունէին լաւ օրէնքներ, որոնք գրուած էին վատ օրերու մէջ, սակայն լաւ օրերու ընթացքին փոխուեցան այն համոզումով, որ այլեւս անոնց պէտք չկայ: Ասիկա դաս էր, որ անցեալի դժուար օրերուն` 70-80 տարի առաջ դրուած օրէնքներուն ծնունդ տուած վտանգները տակաւին կը գոյատեւեն»: Եողուրթճեան նկարագրեց այն «դժուար օրերը», երբ ինք եւ խումբ մը այլ պաշտօնատարներ օրերով իրենց տունէն հեռու, իրենց գրասենեակներուն մէջ անքուն մնացած են:

«Ազդակ»

Scroll Up