Ռուբէն Հախվերդեան մոռնալով իր «Հին ընկերը», երգեց իր նոր ընկերներուն համար

Պոստոնահայ կեանքէն ներս աննախընթաց համերգ մըն է որ կազմակերպեց գաղութին նորակազմ Թէքէեան մշակութային միութիւնը (ԹՄՄ)։ Արդարեւ, Յունիս 22, 2013, Շաբաթ օր երեկոյեան, Պելմոնթի Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ սրահը լեցուն էր հայորդիներով, որոնք եկած էին հաղորդուիլ հայրենի ցաւերը երգող, հայու հոգիին ու սրտին ա´յնքան խօսող երգերը Ռուբէն Հախվերդեանին։ Եկած էր ան մասնաւորաբար հրաւէրովը ԹՄՄ-ի։ Այդ երեկոյ, 250-է աւելի երկրպագուներ, շաբաթներ առաջ արդէն ապահոված էին իրենց տոմսերը … կարելի էր նոյնիսկ կրկնապատիկ մեծութեամբ սրահ մը ամբողջ լեցնել՝ բոլոր փափաքողներուն յագուրդ տալու միտումով։
Թէքէեանի նորանշանակ տնօրէնուհին Պայծիկ Գալայճեան հաստատակամ շեշտով յայտարարեց, թէ նորակազմ մասնաճիւղը երկա~ր բացակայութենէ ետք կը վերադառնայ իր համայնքին աւելի ինքնավստահ, շարունակել ծառայելու հայ մշակոյթին եւ վերահաստատելու ամուր կապերը մեր հայրենիքի մշակութային կեանքին հետ։ Թէքէեանը տասնամեակներէ ի վեր եղած է օրինակ ամէն արուեստի որակի, մակարդակի։ «Մեր անցեալի փառքովն է որ կը վերադառնանք աւելի ուժեղացած, բոլորուած մեր հին ընկերներով, երբեմնի բարեկամներով ու հաւատաւոր թէքէեանականներով:
Ի յառաջագունէ կը շնորհաւորենք այս ձեռնարկը կազմակերպող այն հաւատաւոր տղոց` տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Մարալ Տէր- Թորոսեաններուն, տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Սիլվա Անդրէասեաններուն, Մարինէ Գաւլաքեան եւ տիկ. Սօսի Եողուրդճեանը։ Հիւրաբար ներկայ էր մայեսթրօ Կոնստանդին Պետրոսեանը։
Հախվերդեան, ընկերակցութեամբ երգահան Գեղամ Մարգարեանի եւ Արտիոմ Մանուկեանի, մօտ երեք ժամեր հրամցուց իր յայտագիրը՝ իւրաքանչիւր երգէ առաջ տալով տուեալ երգին յօրինման տուն տուող պատճառները։ Ի´նք, որ մասնակից էր դարձած Ղարաբաղեան շարժումին իր ընկերներուն կողքին, ի´նք որ տեսած էր երկրաշարժի աղէտն ու անոր յաջորդող ցուրտ ու մութ գիշերները Երեւանի, ի´նք որ երբեմն չի բաժնէր իշխանութեան եկող սա կամ նա սակաւապէտն ու շատ անգամ հայրենիքը տնտեսապէս քամել ուզող վաշխառուները, ու դեռ ինք, ինք, ինք … որ կը յուզուի մեր ձախողութիւններով, մեր անմիաբանութեամբ … ան երգեց բոլոր այս թեմաներուն վրայ։
Ժողովուրդին երգիչը, ի վերջոյ, երգելու է մեր ցաւերը։ Ա՛յդ էր որ ան ըրաւ։
Այլեւս իր քաղաքական հասունութեամբ ան սկսած էր ալ տեսնել Սփիւռքը իր խաւերով, իր քաղաքական շարժումներով, որուն համար ուրախ էին մեզմէ շատեր, որովհետեւ, Սփիւռքը միատեսակ չէ, ունի իր շերտաւորումները, գուցէ ան կը տեսնէր միայն մէկը … Եւ այդ երեկոյ ան երգեց իր նո~ր գտած ընկերներուն համար։ Վստահ եմ, որ ան գիտցաւ, թէ այդ նո~ր ընկերները իրականութեան մէջ Հայաստանի իր հի~ն ընկերներն էին, որոնք վառ պահեցին հայրենասիրութիւնը, որոնք տասնամեակներ շարունակ դարձան իրաւ կամուրջը մեր ժողովուրդի այդ երկու հատուածներուն։ Գիտցաւ, որ այս նոր ընկերները եղած էին սրտակից բարեկամը իր պատուական հօր, գրականագէտ Լէւոն Հախվերտեանին, որ եկած էր արտասահման հրաւէրովը Թէքէեան Մշակութային Միութեան։
… Եւ ան յուզումով յիշեց նաեւ իր հօր՝ հանրածանօթ գրաքննադատ Լեւոն Հախվերդեանը, որպէսզի վկայակոչէինք անոր, թէ Ռուբէնը ունի զինք սիրողները եւ ունի ըսելիք, երէկի, այսօրուան եւ վաղուան համար։
Յակոբ Վարդիվառեան
Պոստոն