«Բագին». Ընթերցման Հանդիպում` Մկրտիչ Մարկոսեանի «Տիգրիսի Ափերէն» Գիրքին Նուիրուած

19 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում` նուիրուած Մկրտիչ Մարկոսեանի «Տիգրիսի ափերէն» գիրքին:

Պոլսահայ ժամանակակից գրողին եւ անոր գործին անդրադարձաւ «Բագին»¬ի խմբագիր Յակոբ Պալեան, որ յատուկ կերպով կեդրոնացաւ գրական այս երկը երկրորդ անգամ տպագրելու երեւոյթին վրայ, որ ինքնին խօսուն է եւ բան մը կ՛ըսէ գրողին եւ զայն ընդունող հաւաքականութեան մասին:

«Մկրտիչ Մարկոսեան եւ իր գրականութիւնը, պարզապէս կրնանք ըսել, որ անոնք ունին ինքնատիպ տոկունութիւն: Այդպէս է հողէն ստացուած ժառանգութեան ուժը: Մկրտիչ Մարկոսեան ինքնատիպ երգիչն է այս ինքնուրոյնութեան, առանց ճառի, առանց այդ ինքնուրոյնութիւնը փնտռուած եւ արուեստական ինքնատպութեան վերածելու ճիգի, մանաւանդ` առանց հայերէնը օտար լեզուէ գէշ թարգմանութեան վերածելու», յայտնեց Պալեան: Անոր համաձայն, Մկրտիչ Մարկոսեանի էջերուն մէջ «համ» կայ, տեսակ մը բոյր, որ կը տարածուի դաշտէն վերադարձող գիւղացիէն կամ իր աշխատանոցէն վերադարձող դարբինէն, հողի կամ կրակի բոյր, մարդու եւ իր բնաշխարհի հզօր կապով, որ սոսկ յուշ չէ, այլ ժամանակի մէջ բնակած կեանքի իրապաշտութիւն:

Պալեան դիտել տուաւ, որ Մկրտիչ Մարկոսեանի գրականութիւնը սփիւռք չըլլալու միտում է, կամ սփիւռք ըլլալու մերժումի պոռոտ գոյներով չհրամցուող հարազատութեան մը համայնապատկեր: «Առանց շռնդալից աղմկարարութեան եւ տպաւորելու ճիգի, Մկրտիչ Մարկոսեանի մտածման կարմիր գիծը հզօր կերպով նաեւ  ազգային-քաղաքական է` առանց նման վերադիրներ գործածելու: Անոր ներշնչող միտքը պարզ եւ խոր է, բայց անհրաժեշտ է լսել զինք եւ մտնել իր թրթռացումներու ալիքին մէջ: Մարդուն անփոխարինելի արժէքի գիտակցութիւնը ունի ինք, այս պարագային այդ մարդը հայ է, ոչ վերացական, իր ճանչցած տիգրանակերտցին, նոյնիսկ անտիտղոս եւ դրամատնային պարարտ քսակ չունեցող:

«Մեկնելով այս քաղաքական իմաստասիրութենէն, զոր այդպէս ալ չի յայտարարեր, ըմբռնում, որմէ զուրկ են մեր զանազան բնոյթի թափահարումները, Մկրտիչ Մարկոսեան կը շարունակէ. «Մարդոց բռնագաղթը իսկական անէծք է իրենց համար, եւ նաեւ արձանագրել, թէ գաղթի հետեւանքով, ժամանակի ընթացքին, կրնայ լրիւ վերանալ կամ աղքատանալ նաեւ անոնց մշակոյթը»: Այդպէս եղած է եւ է, հայրենահանման պատճառով յառաջացած սփիւռքի պարագային, եւ այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ հայրենալքման հետեւանքով ստեղծուող-ստեղծուած նոր սփիւռքի, թերեւս նոյնիսկ աւելի արագ` երկրորդի պարագային», յայտնեց Պալեան:

Յակոբ Պալեան շեշտեց, որ հողին եւ մարդոց կանչը պահած Մկրտիչ Մարկոսեանի մտածումը կ’արժէ կարգախօս դարձնել, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), որպէսզի անդրադառնանք օտարախօսութեան եւ օտարագրութեան տնաքանդ հետեւանքներուն:

«Այդքան ալ դժուար չէ ստանալ Մկրտիչ Մարկոսեանի գիրքերը եւ հաղորդուիլ: Բայց հայերէն գիրքերը չեն ճամբորդեր, չկան գրատուներ, որոնք նախաձեռնեն, չկան նաեւ ինքնութիւն վերականգնելու համար հայերէն գիրք փնտռող եւ ընթերցող հայատեսակներ, որոնք, ի դէպ, կային ոչ շատ հեռաւոր անցեալին, երբ մարդիկ չէին յագենար կարգախօսներու յանկերգով: Այլ առիթներով ըսած եւ գրած եմ, գիտնալով հանդերձ, որ ականջները խցուած են, որ հայ գրողի գիրքերը կը ճամբորդեն իր ճամպրուկով, եւ ինչպէս ըսողներ եղան, որ գիրքը եղած է նուէր տրուելու համար…», յայտնեց Պալեան:

Անոր համաձայն, մեր ժամանակակիցներէն շատեր չեն գիտեր անգամ, թէ իրենց մեծ հայրը եւ մեծ մայրը «հայաշխարհ»-ի ո՞ր անկիւնէն եկած եւ էջք կատարած են փոքրացած, բայց նաեւ անծայրածիր մոլորակի հեռու եւ մօտ տեղերը, Սթոքհոլմ կամ Սան Տիեկօ, Փարիզ կամ Մոնթեվիտէօ: Բայց այդպէս չէ եղած Սգէն` Մկրտիչ Մարկոսեանի հայրը: Սգէի պէս մարդիկ, առանց խուսանաւումներու եւ առանց փոխառնուած տարազներու, սերունդը «հայ» կը դաստիարակէին:

Իր խօսքը եզրափակելով` Յակոբ Պալեան հաստատեց, որ Մկրտիչ Մարկոսեան ոչ միայն յիշողութիւն պահող է, այլեւ զայն ներկային մէջ ձուլող` կոչ ուղղելով մտնել գրագէտին աշխարհին մէջ, պտտիլ անոր գիրքերուն մէջ եւ հաղորդակից դառնալ անոր հետ: «Բայց ի՞նչ բան կ’արգիլէ ամբողջի ընթերցումը, եւ անկեղծութեան պահու մը` հայելիին մէջ նայիլ եւ… բաղդատուիլ: Սպառողական ընկերութեան միութեան միօրինակութիւնը յաղթահարելով, այդպէս կը բազմապատկուի գեղագիտական յուզումը», յայտնեց Պալեան:

Անկէ ետք ներկաներէն ոմանք ընթերցեցին Մկրտիչ Մարկոսեանի «Տիգրիսի ափերէն» գիրքէն հատուածներ, ապա տեղի ունեցաւ զրոյց-քննարկում:

«Ազդակ»

Scroll Up