Առաջին Անգամ Ըլլալով Թաճիկստանի Մէջ Հայկական Խաչքար Կը Կանգնեցուի

Յունիս 8-ին, Թաճիկստանի մայրաքաղաք Տուշանբէմի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը կանգնեցուի հայկական խաչքար՝ օծման յատուկ արարողութեամբ: Այս մասին կը յայտնէ yerkir.am-ը։

Արարողութեան ներկայ եղած են Թուրքմենստանի և Տաճիկստանի Հանրապետութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վլատիմիր Պատալեանը, Տաճիկստանի Հանրապետութեան մէջ ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Սմբատ Յովհաննիսեանը, տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Մոսկուայէն, Պիշքեկէն, Ուզպեկստանէն եւ այլ երկիրներէն ժամանած հիւրեր։

Աղբիւրը կը նշէ, որ Թաճիկստան կ’ապրի շուրջ 1000 հայ, որոնք հայկական քրիստոնէական առաջին կոթողի՝ խաչքարի բացումը կարեւոր իրադարձութիւն կը համարեն:

yerakouyn.com

Scroll Up