Լոս Անճելըսի Քաղաքապետարանը Վաւերացուց Էնսինոյի Նոր Հայ Կեդրոնի Որոշումը

Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը Օգոստոս 26ին որոշեց քաղաքին կողմէ ներկայիս չօգտագործուող կառոյցներէն՝ հրշէջներու թիւ 83 կայանը Էնսինոյի Հայ մշակութային հիմնարկութեան յանձնել՝ յառաջիկայ 30 տարիներուն, եւ այդ նպատակով բանակցութիւնները վերջնականացնելու որոշում արձակեց պատկան մարմիններուն։ Շէնքին համար պիտի վճարուի տարեկան միայն մէկ տոլար խորհրդանշական գումար մը:

Անցեալ տարուան Մայիս 7ին, քաղաքապետական խորհուրդը՝ միաձայնութեամբ, նախնական հաւանութիւն տուած էր այս որոշումին ընթացք տուած բանաձեւին, որ ներկայացուած էր քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Փօլ Քորեցի եւ Էրիք Կարսեթիի (ներկայիս քաղաքապետ) կողմէ, իսկ անոր նեցուկ կանգնած էր նոյն խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանը:

Նշեալ կայանը կը գտնուի Փօլ Քորեցի ընտրատարածքէն ներս. Քորեց ու անոր անձնակազմի անդամները, ինչպէս նաեւ հայութեան հետ սերտ կապեր ունեցող Էրիք Կարսեթն ու Փօլ Գրիգորեանը, իրենց կարելին ըրին հարցը օրակարգի նիւթ դարձնելու եւ արագօրէն քուէարկութեան դնելու համար:

5150 քառակուսի ոտք տարածք ունեցող շէնքը դադրած էր հրշէջներու կայարան մը ըլլալէ. անիկա դարձած էր շրջանին համար անբաղձալի կառոյց մը, ուր սկսած էին հաւաքուելու անբաղձալի տարրեր: Նաեւ, քաղաքապետական խորհուրդը մեծ գումարներ կը ծախսէր պարզապէս շէնքը կարելի եղածին չափ մաքուր պահելու համար: Այս բոլորը նկատի ունենալով՝ կառոյցը ոչ շահաբեր կազմակերպութեան մը փոխանցելու ընտրանքը գրաւիչ թուեցաւ քաղաքապետական խորհուրդին եւ տեղւոյն բնակչութեան համար:

Վերջին 5 տարիներուն ընթացքին, տարբեր մակարդակներու վրայ աշխատանք տարուած էր Երեքշաբթի օրուան յաջող քուէարկութեան հասնելու համար:
Էնսինոյի Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը խոստացած է մինչեւ 1.5 միլիոն տոլարի ներդրումներ կատարել, բարեկարգելու համար շէնքը, որ ամբողջ Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայութեան սպասարկութիւններ պիտի տրամադրէ՝ երիտասարդական, ընկերային, մշակութային ծրագիրներ իրականացնելով, ինչպէս նաեւ տարեցներուն յատուկ ժամանցներ կազմակերպելով:

Էնսինոյի Հայ մշակութային հիմնարկութեան ներկայացուցիչ Հրայր Նալպանտեան դրուատած է որոշումը՝ զայն նկատելով պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութեան լաւագոյն օրինակներէն մէկը, միաժամանակ խոստանալով զգալիօրէն բարեկարգել կառոյցը։

http://asbarez.com

 

Scroll Up