Թէքէեան Մշակութային Միութիւն.Խոր ցաւով իմացանք «Հայերն Այսօր» էլեկտրոնային թերթի գլխաւոր խմբագրին՝ Հայկ Կարապետեանի վաղահաս մահուան լուրը
Ազեուափայլ
Տիկին Հրանոյշ Յակոբեան Նախարար
ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Երեւան
Սիրելի Տիկին Հ. Յակոբեան,
Խոր ցաւով իմացանք «Հայերն Այսօր» էլեկտրոնային թերթի գլխաւոր խմբագրին՝ Հայկ Կարապետեանի վաղահաս մահուան լուրը: Միութիւնս խորապէս կը ցաւի այս կորուստին համար եւ կը յայտնէ իր ցաւակցութիւնները ընտանեկան պարագաներուն եւ Ձեզի:
2010 թուականէն սկսեալ իրեն վստահուած այս խմբագրական աշխատանքը ան կը տանէր ամենայն բծախնդրութեամբ ու պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ: Դառնալ խօսափողը տարբեր մշակոյթներու եւ քաղաքական ազգային թէ միջազգային ազդեցութեանց մէջ գործող բազմահարիւր համայնքներու, դիւրին չէ անշուշտ: Ան գիտցաւ պահել արդար հաւասարակշռութիւն մը մանաւա’նդ ազգային մեր քաղաքական հոսանքներու միջեւ, պահելով լրատուութեան պարկեշտ հաւասարակշութիւն մը կայքէջին վրայ:
Անշուշտ, ան լաւապէս կը գիտակցէր հայրենիք-սփիւռք տասնամեակներու վրայ երկարող յարաբերութիւներուն, զորս Թէքէեան Մշակութային Միութեան մեր մասնաճիւղերը հայ սփիւռքի զանազան գաղթօճախներու մէջ ունեցան յօգուտ ազգապահպանման եւ հայրենի ժողովուրդին ու մտաւորականութեան հետ եղբայրական իրաւ կապերու:
Այս նոյն գիտակցութեամբ ալ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը կը շարունակէ գործել, մանաւա’նդ, անցնող հնգամեակին, առաւել եւս հասունցած, հաւատալով որ Սփիւռքի նախարարութեան վստահուած է կարեւոր առաքելութիւն մը:
Ողբացեալ Հայկ Կարապետեանի կորուստը մեր ալ կորուստն է: Ան մնաց մի’շտ համեստ ու պատրաստակամ օգտակար ըլլալու հայ լրագրողին ու հայ մամուլին:
Յարգանքներով,
ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեան Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան
Ատենադպիր Ատենապետ
Պոստոն, Օգոստոս 25, 2014