«Բարերար են բոլոր այն անձերը, որոնք կ’ապրին ու կը գործեն իրենցմէ վեհ ու վեր արժէքներու համար».Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Շաբաթ, 16 Օգոստոս 2014-ին, Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Սուրբ Աստուածածնայ վանքի Նահատակաց Խորանին վրայ մատուցուած Ս. եւ անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պարգեւատրեց Տէր եւ Տիկ. Գառնիկ եւ Անահիտ Եագուպեան ու Տէր եւ Տիկ. Արթիւր եւ Թամար Նազարեան ամոլները:

 Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին ընթացքին գնահատեց բոլոր անոնք որոնք տարբեր ձեւերով ու միջոցներով օգտակար կը հանդիսանան մեր եկեղեցական-ազգային կեանքին, կառչած մնալով ու հարստացնելով մեր բոլոր այն արժէքները՝ եկեղեցի, ազգ, դպրոցու ազգային պահանջատիրութիւն, որոնք կը հզօրացնեն եւ կ’ամրապնդեն մեր հաւաքական կեանքը: «Բարերար են բոլոր այն անձերը, որոնք կ’ապրին ու կը գործեն իրենցմէ վեհ ու վեր արժէքներու համար: Մեր ազգային արժէքներուն նկատմամբ սկսած ենք նշմարել անտարբերութիւն: Անտարբերութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ տկարացումի, ուծացումի եւ քայքայումի: Մենք իրաւունք չունինք մեր պապերէն եկած ու մեզի իբր աւանդ հասած մեր գերագոյն արժէքներուն նկատմամբ անհոգ ու անփոյթ գտնուելու, այլապէս պատմութեան առջեւ մենք բոլորս հաշուետու պիտի ըլլանք», ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ ապա աւելցուց՝ «Յարգանք մեր անցեալի, ներկայի ու ապագայի, յայտնի թէ անյայտ բոլոր բարերարներուն»:

 Այնուհետեւ, ընթերցուեցաւ Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը, ուղղուած՝ Եագուպեան ամոլին, որ կը գնահատէր իրենց ծնողներուն օրինակով առաջնորդուող իշխանական նուիրատուութիւն ընող զոյգը: «Որքա՜ն գօտեպնդիչ է յիշել, որ թէ՛ Անթիլիասի մէջ 1968-ին կառուցուած Վեհարանին, եւ թէ Պիքֆայայի մէջ բարձրացած այս նորաշէն Վեհարանին առնչուած են Ձեր ծնողաց եւ Ձեր անունները։ Արդարեւ, Տէր եւ Տիկին Գէորգ եւ Արշակուհի Չաթալպաշեանները շուրջ կէս դար առաջ սիրայօժար ստանձնեցին Անթիլիասի Վեհարանի շինութեան ծախսերը՝ ընդառաջելով Երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի առաջարկին։ Եւ ահաւասիկ այսօր դուք եւս, որպէս իրենց դուստրը ու փեսան, սիրով ընդառաջեցիք Մեր փափաքին եւ Ձեր իշխանական նուիրատուութեամբ Պիքֆայայի վանքը օժտեցիք այս գեղակերտ Վեհարանով»։ Տէր եւ Տիկ. Գառնիկ եւ Անահիտ Եագուպեանները ստանձնած էին Սուրբ Աստուածածնայ վանքի Վեհարանի նորոգութեան բարերարութիւնը:

Ապա, ընթերցուեցաւ Նազարեան ամոլին ուղղուած Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը, որ կը դրուատէր Նազարեան ընտանիքին ցարդ կատարած բարերարութիւնները: «Մեր սուրբ եկեղեցւոյ, ազգի ու հայրենիքի կեանքին մէջ տասնամեակներէ ի վեր Նազարեան ընտանիքը կարեւոր նպաստ է բերած։ Ձեր այս բարերարութիւնը, որպէս նոր օղակ ցարդ կատարուած բարերարութիւններու շղթային, եկաւ անգամ մը եւս փաստելու, թէ նահապետական այս ընտանիքը կը շարունակէ մնալ քաջալեր ու զօրավիգ մեր եկեղեցւոյ, եւ մասնակից՝ մեր ժողովուրդի կեանքի առաւել ծաղկման ու բարեզարդման ի խնդիր տարուած աշխատանքներուն»: Տէր եւ Տիկ. Արթիւր եւ Թամար Նազարեան ստանձնած էին Սուրբ Աստուածածնայ վանքի Նահատակաց բացօթեայ խորանին բարերարութիւնը:

Կոնդակներու ընթերցումէն ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս Կիլիկեան «Իշխան»ի շքանշանով զարդարեց Տիար Գառնիկ Եագուպեանի լամբակը եւ Կիլիկեան «Ասպետ»ի շքանշանով՝ Տիար Արթիւր Նազարեանի լամբակը:

http://www.armenianorthodoxchurch.org

10268136_10152750382692873_453110092_n 10589793_10152749409862873_1575746534_n 10608927_10152749409067873_8311054_n 10617458_10152750382702873_1930722113_n 10617652_10152749450862873_632359025_n 10620899_10152749409852873_709022060_n 10620904_10152749409867873_910276150_n 10622103_10152750469587873_1884282599_n 10622273_10152749409882873_1556711363_n H27A9497-1024x682

Scroll Up