Թումանեանական Երեկոյ Զմմառու Դպրեվանքին Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/08/IMG_2253.jpg)
Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 145-ամեակին նուիրուած էր Զմմառեան միաբանութեան ժառանգաւորացին կազմակերպած ամառնային միամսեայ հայերէնի դասընթացքի աւարտական հանդիսութիւնը, հովանաւորութեամբ Զմմառեան միաբանութեան մեծաւոր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի, նախաձեռնութեամբ Զմմառեան միաբանութեան դպրեվանքի տեսչութեան:
8 օգոստոս 2014-ի, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Զմմառու նախկին դպրատան մէջ տեղի ունեցած թումանեանական երեկոյին հանդիսավարն էր կիսասարկաւագ Ժան Տիգրան Փիլիպոսը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժիւլիան Լեւոն Ստեփանը, որ ներկայացուց հայերէնի դասընթացքի յայտագիրը եւ անոր անհրաժեշտութիւնը:
Ապա դպրեվանքի սաները ներկայացուցին Արմէն Տիգրանեանի յօրինմամբ օփերայի վերածուած Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ»¬էն «Ամպի տակից» հատուածը` ղեկավարութեամբ դպրեվանքի փոխտեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Էլի Պետրոս Հատտատի:
Ապա ցուցադրուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի կենսագրութիւնը ներկայացնող տեսերիզ:
Օրուան բանախօս Ժաք Սահակ Քէշիշեանը ներկայացուց եւ վերլուծեց Յովհաննէս Թումանեանի գլուխ գործոցներէն կարեւորագոյնները: Իւրաքանչիւր վերլուծութեան աւարտին սաները ներկայացուցին Թումանեանի տուեալ ստեղծագործութենէն հատուած մը:
Թումանեանի հայրենասիրական շունչով գրուած «Հայրենիքիս հետ» ստեղծագործութիւնը սիրուած երգի վերածած է Ա. Յարութիւնեանը, որ ներկայացուցին նորընծաներն ու ժառանգաւորները, ընթացքի ասմունքը կատարեց Համլեթ Այվազեանը:
Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան Ամենայն Հայոց բանաստեղծին ծաւալած ազգանուէր ծառայութեանը մասին խօսելով` ըսաւ. «Թումանեանի դիւրաբեկ սիրտը չէր կրնար տոկալ, երբ սեփական աչքին առջեւ կ’ողջակիզուէր իր ժողովուրդը: Ազգին ճակատագրով մտատանջուող բանաստեղծը ճիգերու գերագոյն լարումով փութաց` փրկութեան ձեռք մեկնելով մոխիրներէն յառնած ժողովուրդին, զանոնք պատսպարելով Էջմիածնի մէջ: Ան նոյնիսկ չանսալով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ դրուած որոշ արգելքներուն` Էջմիածնի նորակառոյց վեհարանին մէջ տեղաւորեց անօթեւան հայերը, անով իսկ նուաճելով Ամենայն Հայոց բանաստեղծի պատուաւոր կոչումը»:
Տեսուչ հայր սուրբը ներկայ միաբան հայրերը պատուեց դպրեվանքի նորակերտ շէնքի 50-ամեակի յուշանուէրով: Ապա բեմ հրաւիրեց դպրեվանքի հայերէնի ուսուցչուհի Սօսէ Փիլաւճեանը` անոր յանձնելու դպրեվանքի յուշանուէրը, իսկ ժառանգաւորները, իբրեւ երախտագիտութիւն, ծաղկեփունջ մը նուիրեցին:
Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեանը իր հայրական պատգամը փոխանցեց սաներուն: Ան նորընծաներն ու ժառանգաւորները յորդորեց` մնալ հաւատարիմ Զմմառեան միաբանութեան. «Քանզի դուք էք մեր համայնքին եւ ազգին ջահակիրները, ուստի կառչած մնացէք Զմմառեան միաբանութեան, իսկ ամենակարեւորը` եղէ՛ք միաբան, որպէսզի համընդհանուր ճիգերով կերտենք ներկան եւ ընթանանք դէպի պայծառ ապագայ»: Այնուհետեւ մեծաւոր հայրը «Տէրունական աղօթք»-ով եզրափակեց թումանեանական երեկոն:
«Ազդակ»