Անդարձ մեկնող ընկերներ. Սուրէն (Սեմ) Միրաքեան

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ռամկավար ազատական ընտանիքը  դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու իր երկարամեայ հաւատաւոր ընկերներէն, հին սերունդի պատկանող հայրենասէր ազգայիններէն եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան առաքելութեան հաւատացողներէն Սուրէն` ծանօթ «Սեմ» անունով Միրաքեանը։

Սուրէն ծնած է Գլիվլընտ (Օհայօ) Հոկտեմբեր 5, 1929ին, մալաթիացի Յովհաննէս Թարխանեան-Միրաքեան եւ աֆիոն-գարահիսարցի Լուսաբեր Փիլիպոսեանի յարկին տակ։  Հասակ առած է ՌԱԿի շունչով եւ ունենալով եղբայր մը` ընկեր Նազար (Նաթ), որ մահացած է արդէն, եւ քոյր մը` ընկերուհի Շաքէ Մուրատեան, որ կ’ապրի Տիթրոյթ։  Ան իր ուսումը կատարած է ծննդավայրին մէջ եւ 1948ին շրջանաւարտ եղած է «Սաութ Հայ Սքուլ»էն։

1950ին, որպէս ամերիկացի բանակային մաս կազմած է Քորէական պատերազմին, որպէս լուսանկարիչ, արձանագրելով միաժամանակ վաւերագրական տեղեկութիւններ գերմանական յետ պատերազմեան աղբիւրներէ առնուած։  1952ին, պարգեւատրուելով ան ազատ կը կասուցուի բանակի ծառայութենէն։  Ծննդավայր վերադառնալով երկու տարի կը յաճախէ Գլիվլընտի Հանրային Համալսարանը, նոյն ատեն աշխատելով ընկերութեան մը մօտ։  Ան մի´շտ հետամուտ եղած է ունենալու իր անձնական գործը` «Ճոն Մէյնթընընս», շինարարական ընկերութիւնը, որուն աւելի ուշ կու գայ միանալու եղբայրը` Նազարը։

1968ին Շիքակոյէն Սրբուհի Խանճեանի հետ կ’ամուսնանայ եւ կը բախտաւորուի Վիքթորիա Լի դուստրով եւ տարի մը յետոյ` մանչ զաւակով մը` Սուրէն Կրտցեր։  Ընկեր Սուրէնին համար ընտանեկան բոյնը միշտ ունեցած էր ազգային աւանդական եւ տոհմիկ հասկացողութիւն։  Ան ժողովուրդի զաւակն էր եղած եւ մաս կազմած Գլիվլընտի ազգային կեանքի բոլոր երեսներուն։ Հիմնադիրը եղած է, 1964ին, «Մալաթիոյ զաւակներ» հայրենակցական միութեան, որ ամենէն երկար ժամանակով գործող միութիւններէն մին է քաղաքին, ուր յետԵղեռնին հաւաքուած էին մեծ թիւով մալաթիացի հայեր։  Այսօր իսկ, իր հիմնադրութենէն 50 տարիներ ետք, այս միութիւնը կանգուն է եւ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը ունենալ` օգտակար ըլլալով Հայաստանի համար կատարուող բարեսիրական ծրագիրներուն։

Ան տարիներով ծառայած է տեղւոյն եկեղեցիին, որպէս ատենապետ ծխական խորհուրդին եւ հիմնադիրներէն եղած է շաբաթօրեայ Հայ Դպրոցին։

Երիտասարդ տարիքէն անդամակցած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, որուն տեղական ակումբին ատենապետութիւնը ստանձնած է երկար տարիներ։  Գործունեայ անդամ է եղած Թէքէեան Մշակութային Միութեան տեղական մասնաճիւղէն ներս եւ 25 երկար տարիներ վարած է «Թէքէեանի Ձայն» ռատիօժամի յայտագիրները` ամէն Կիրակի օր WJCU կայարանէն։  Իր կողակիցին` ընկերուհի Սրբուհիին (Սու) հետ պատրաստած է մասնաւոր յայտագիրներ ամերիկահայ նոր սերունդին հասնելու ծառայութեան համար, տալով ամերիկահայ թէ հայրենական լուրեր եւ հայեկական մաքուր մշակութային յայտագիրներ։  Անդամակցած է նաեւ ՀԲԸՄի։

Սակայն Սուրէն չէ բաւարարուած միայն ազգային կազմակերպութիւններով. ան Ազատ Որմնադիր է եղած 32 աստիճանով, եւ Silver Leader “Disabled American Veterans” բարեսիրական կազմակերպութենէն ներսբերելով իր մասնակցութիւնը։  Սուրէն եւ Սրբուհի յաճախակի այցելութիւններ տուած են քաղաքի ու արուարձաններու հանրային վարժարանները` դասախօսելով Հայկական Ցեղասպանութեան մասին։

Ան գործնական մարդ էր, բառին իսկական հասկացողութեամբը։  Պատգամաւորական ժողովի մը ընթացքին, լա´ւ կը յիշեմ ընկեր Սուրէնին մէկ առաջարկը պատգամաւորներուն ուղղուած։  Ան յանձն կ’առնէր նախաձեռնել հայաշատ համայնքի մը ծանօթ գերեզմանատան մը  մէջ ամփոփելու  ամերիկահայ ռամկավար ազատական գործիչներու բոլոր դամբանները քով-քովի եւ բարի օր մը անոնց աճիւնները փոխադրելու գործին դէպի  Հայաստան։  Այդ օրերուն Հայաստան թէեւ խորհրդային կարգերու մէջ էր, սակայն մի´շտ ան հաւատացողն էր թէ անպայմանօրէն Հայաստան պիտի ունենայ իր անկախութիւնը եւ ռամկավարներս պատրաստ ըլլալու էինք այդ օրուան, այդ մեծերուն տուն դարձը ապահովել։  Այդ «իրե´նց իրաւունքն է» կ’ըսէր ժողովին։

Հրաչ Երոաւնդ, Ճիմ Չանգալեան, Տոքթ. Արշակ Տէր Մարկոսեան, Վահէ Արզուեան, Միհրան Սվազլեան, Տոքթ. Յովհաննէս Ծովիկեան, Հայկակ Էկինեան, Տոքթ. Մովսէս Յովսէփեան եւ այսպէս բազում մեր ղեկավար ընկերներու, այ´ո, տուն դարձը ստիպուած ենք ապահովել եւ տանիլ ու յանձնել մայր հողին։ Յուսանք որ ընկեր Սուրէնին երազը իրագործող ռամկավարներ օր մը պիտի կարենան իրագործել զայն։ Ան կը մահանայ Յուլիս 4, 2014ին, իր ծննդավայրին մէջ։

                                                                                   ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Scroll Up