ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Ազգային Ազատ կուսակցութեան կեդրոնատեղին

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելութիւն մը տուաւ Ազգային Ազատական (Ահրար) կուսակցութեան կեդրոնատեղին, ուր ընդունեցաւ անոր նախագահ՝ պետական երեսփոխան Տորի Շամուունին կողմէ:
ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան մաս կազմեցին ընկերներ՝ Միքայէլ Վայէճեան (ատենապետ), Ճէքի Տէրվիշեան, Տոքթ. Ժոզէֆ Կրպոյեան, Արտեմ Նանէճեան, ինչպէս նաեւ Պետական նախկին երեսփոխան ընկեր Յակոբ Գասարճեան:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ կողմերուն արծարծելու Լիբանանն ու շրջանը յուզող հարցեր:
Ազատական Կուսակցութեան Նախագահ՝ Տորի Շամուուն կարեւոր նկատեց նման հանդիպումներն ու համագործակցութիւնը ազատական սկզբունքներու շուրջ գաղափարակից երկու կուսակցութիւններուն միջեւ: Իր կողմէն ընկեր Վայէճեան շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար կարեւորութեամբ ընդգծեծ երկու կուսակցութիւններուն գործակցութեան կարեւորութեանը վրայ ինչ կը վերաբերի լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն:
ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ
ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ