Նիւ Եորքի փողոցներէն մէկը պիտի կրէ Սերգէյ Դովլաթովի անունը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/07/7193_b1.jpg)
Նիւ Եորքի քաղաքային խորհուրդը հաւանութիւն տուած է այն օրէնքի նախագիծին, որ կը նախատեսէ քաղաքի փողոցներէն մէկուն տալ հայ-հրէական ծագումով խորհրդային գրող Սերգէյ Դովլաթովի անունը:
Այժմ օրէնքը պէտք է ստորագրէ քաղաքապետը, որմէ յետոյ նախագիծը կը դրուի կիրարկման:
Կը նախատեսուի Դովլաթով վերանուանել Քուինս թաղամասի 63րդ եւ 108րդ փողոցներու խաչմերուկը, ուր գրողը ապրած է տասը տարի: Փողոցը կը ստանայ «Sergei Dovlatov Way» անունը:
Սերգէյ Դովլաթով Նիւ Եորք հաստատուած է 1978ին եւ հոն ապրած է մինչեւ իր կեանքին վերջը:
«Նոր Յառաջ»