Հայոց «պատմութեան եւ մշակոյթի» միջվարժարանային մրցում

Խօսակցութիւններու մէջ երբեմն կը լսենք՝

– «Նոր սերունդը չէ հետաքրքրուած Հայոց պատմութեամբ»

– «Հայերէն չեն խօսիր, գոնէ Հայոց պատմութիւն սորվին, գիտնան»…

Նման անձեր կը հրաւիրեմ ներկայ գտնուելու միջվարժարանային ընդհանուր զարգացման մրցումին, որ կ՚իրագործուի շնորհիւ տիկին Մ. Շէրիքին. ան մեծ համբերութեամբ, 14 տարիներէ ի վեր այս ձեռնարկը կը կազմակերպէ եւ կը փորձէ Հայոց պատմութեան ու հայ մշակոյթի անհրաժեշտ գիտելիքները փոխանցել նոր սերունդին, զորս ամէն Հայ պէտք է գիտնայ. աջակցութեամբ՝ սակաւաթիւ, նուիրեալ եւ գիտակից հայ ուսուցիչներու, որոնք ջանք չեն խնայեր ամբողջ տարուան ընթացքին աշակերտները մրցումին պատրաստելու և քաջալերելու:

Այս տարի բախտն ունեցայ ներկայ գտնուելու վերոյիշեալ մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Մայիս 18ին Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ Կրթարանի սրահին մէջ:

Զաւակս տասը տարեկան է՝ հինգերորդ դասարանի աշակերտ. ան մեծ հաճոյքով կը սորվէր հարցումները իրենց պատասխաններով՝ «Ո՞վ է Մեսրոպ Մաշտոց, Կոմիտաս կամ Սասունցի Դաւիթ… Տո՛ւր հայկական նուագարաններու անուններ.. Ի՞նչ կը նշանակէ մագաղաթ… եւլն.», միեւնոյն ժամանակ իմ յուշերս թարմացնելով, ինչպէս եւ նոր գիտելիքներ աւելցնելով: Մրցումը սկսած էր արդէն տունը՝ մեր միջեւ, ո՞վ աւելի լաւ գիտէր, ո՞վ աւելի շուտ կրնար պատասխանել:

Ան անհամբեր կը սպասէր մրցումի օրը, անհամբեր էր տեսնելու այդ սարքաւորումը, որուն լոյսին կոճակը պէտք է սեղմէր իրաւունք ստանալու համար խօսելու:

Դասարանին մէջ երբ կը մրցէին, ինքն էր առաջինը, ուրախ էր իր յաղթանակով:

Մրցումին օրը առաջնութիւնը չստացաւ, չյաղթեց. «խաղ է ասիկա»,- ըսաւ, «մէկ անգամ ես, մէկ անգամ միւսը»: Ան հպարտ էր իր գիտցածներովն ու սորվածներովը: Արդէն ինքզինք յաղթական կը զգար իր ամբարած գիտելիքներով:

Շնորհակուլութիւն անոնց, որոնք նման նախաձեռնութեամբ մը առիթ տուին իմ երախայիս թէ՛ շատ բան սորվելու եւ թէ Կիրակի օրով հաճելի երեկոյթ մը անցընելուն:

Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք կ՚աջակցին եւ կը նպաստեն իրենց մասնակցութեամբ:

Տղաս այժմ կ՚ուզէ պատրաստուիլ գալ տարուան մրցումին, այս անգամ առաջնութիւնը խլելու՝ նոր գիտելիքներով զրահուած:

Ծնող մը

«Նոր Յառաջ»

Scroll Up