Քարերն ալ կը խօսին

Աւելի քան 4 հազար տարուան բնօրրանի մը վրայէն հազիւ դար մը առաջ անհետացած մեծ մշակոյթի մը հետքերն են, որ նախ կը խանդավառեն Մինաս Գոճայեանը:

2011 եւ 2012-ին դէպի պատմական Հայաստան կատարուած երկու ճամբորդութիւններու տպաւորութիւնները հատորի մը վերածուած եւ «Մորմոքող անցեալի արահետներով» խորագիրով դրուած է մեր սեղանին վրայ: Հեղինակը` Մինաս Գոճայեան, նմանաբնոյթ երրորդ ուխտագնացութեան մը ընծայած առիթը օգտագործած եւ այցելած է խմբագրատունս: Այս հանդիպումը ինքնին առիթ դարձաւ, որ մենք աւելի մօտէն ծանօթանանք արմատներով կիլիկեցի, ծնունդով լիբանանցի, իսկ այժմ լոսանճելըսաբնակ մտաւորականի մը հետ: Ինչպէս նախորդ անգամներ, ան այս անգամ ալ իրեն հետ ունի ամերիկահայ ուխտաւորներու խումբ մը եւ այդ խումբին պատմական Տոլմապահչէյի պալատը շրջած պահուն ինք կարճատեւ փախուստ մը տուած ու այցելած է մեզի:

Այս սենեակի մէջ բաժնելու շատ բան կը գտնէ Մինաս Գոճայեան, քանի որ «Ակօս»-ի հայերէն էջերու աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանը նոյնպէս բազմիցս շրջած է Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքները` յատկապէս հոն որոնելով հայ անցեալի մեր օրերուն մնացած հնութիւնները: Առաջին ծանօթացումով կը յիշուի նաեւ նոյն ճանապարհներու այլ ուղեւորներ` Արմէն Արոյեան կամ Սեւան Նշանեան եւս: Երկուքն ալ բազում ապրումներ ունեցած են այս բացակայ անուններուն հետ, որոնք յիշելով` կրկին ու կրկին կը յիշատակուի հայ ժողովուրդի քաղաքաշինական, ճարտարապետական կամ ալ,  կարճ խօսքով, ստեղծագործական եզակի յատկութիւնները:

Վաստակաւոր ուսուցիչ մըն է մեր հիւրը եւ արդէն կարճատեւ զրոյցէն կարելի կ՛ըլլայ ենթադրել իր այս յատկութիւնը: Իրաւ ալ ասպարէզները իրենց դրոշմը կը դնեն այդ ասպարէզով զբաղողներու բնաւորութեան վրայ: Զգուշ դիտորդ մը կրնայ նկատել, թէ իր խօսակիցը մեծ հաւանականութեամբ ուսուցիչ մըն է, բժիշկ մը, մի գուցէ կամ ալ` իրաւապաշտպան մը: Կ՛երեւի այդպէս եղաւ, եւ մենք ալ երբեք չզարմացանք, երբ լսեցինք մեր խօսակիցին բազմամեայ ծառայութիւնը կրթութեան ոլորտէ ներս: Ան իր գիրքին կողքի շապիկին վրայ արձանագրած է ծննդեան տարեթիւն ու վայրը` 1946, Պէյրութ: Ապա կը բացատրէ իր հօրենական եւ մօրենական ընտանիքին բնօրրանը: Նախակրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Ռուբինեան վարժարանը, իսկ երկրորդական ուսումը` ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանը: Աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական եւ պատմութեան բաժինները:

Գալով իր հեղինակած ճանապարհագրութեան` մենք անվերապահօրէն կրնանք ըսել, որ այսքան վառ տողերով շարադրուած նկարագրականը ընթերցողին մօտ անխուսափելիօրէն կ՛աւելցնէ այդ վայրերը սեփական աչքերով տեսնելու անդիմադրելի ցանկութիւնը: Մինաս Գոճայեան լոկ զբօսաշրջական ուղեցոյցի մը հեղինակը չէ: Անոր բացատրութիւններուն մէջ անբաժան են նաեւ իր սեփական տպաւորութիւնները, պատմական անդրադարձները եւ այդ ուղղութեամբ իր մեկնաբանութիւնները:

Շատ անգամ հիացման զգացումներուն կ՛ընկերակցի ապերախտութեան կամ ուրացումի դէմ ընդվզումը: Ան չի հանդուրժեր Կիլիկիոյ դաշտին «Չուքուրովա» վերանուանման: «Փոսադաշտ» կը թարգմանէ այս թրքերէնացուած անունը, որ տեղանուններու փոփոխութիւնով երկրի անցեալը մոռացութեան մատնելու թշուառ ռազմավարութիւն մըն է: Այս բաժնի մէջ յայտնուած դիւրազգացութիւնը շատ աւելի հասկնալի կը դառնայ, քանի որ բաժնի ենթախորագիրն է «Դէպի Կիլիկիա, դէպի նախնեաց հող Չորք-Մարզպան (Տէօրթեօլ)»: Այս աւանի մասին վկայութիւնները կը շարունակուին «պապերուս ծննդավայր նարնջաստան Չորք-Մարզպան» խորագրեալ յաջորդ բաժնի մէջ ալ:

Այս բնոյթի ուխտագնացութիւններու համար որդեգրուած ուղղութենէն կը շեղինք Մինաս Գոճայեանի առաջնորդած տարբերակով: Ուստի այս ուղեւորութիւնը կը սկսի Պոլսոյ Սապիհա Կէօքչեն օդակայանէն դէպի Անտիոք կատարուած թռիչքով: Առաջին կայանը կը հանդիսանայ Հանրապետական Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը` Վաքըֆ: Այս գիւղը իսկապէս իմաստալից է մանաւանդ խումբին մաս կազմող մուսալեռցիներու համար: Ի դէմ բազմաթիւ ժխտման կամ ուրացումի պատմութեան, իրենք ուղղակիօրէն կը շփուին այն մարդկանց հետ, որոնցմով նոյնիսկ նոյն բարբառը կ՛օգտագործեն: Կամ ալ կը ցնցուին` տեսնելով, թէ իրենց համար «կորուսեալ» դարձածը վաքըֆցիներու համար առօրեայ է: Հոգ չէ թէ Մուսա Լերան եօթը գիւղերէն այսօր մնացած ըլլայ միայն մէկ գիւղ, այդ գիւղը իր էութեամբ կը շարունակէ ռուբինեան հարստութեան կենդանի ներկայացուցիչը մնալ նաեւ մեր ժամանակներուն:

Ծառը երկարակեաց է` բաղդատմամբ մարդ արարածի կեանքի տեւողութեան: Սակայն հազար տարին ծառի մը համար ալ գերազանց երկար տեւողութիւն է, որուն պատճառով անհամար կը դառնան անոր ձօնուած աւանդազրոյցները, առասպելները եւ նոյնիսկ յիշատակները: Ահա այս տեսակի բնական կոթող մըն է Խըտըրպէկ գիւղի հազարամեայ սօսին, որուն զով հովանիին ներքեւ կը վերակենդանանան վերոնշեալ յիշատակները:

Սակայն նման ճանապարհորդութիւններու մէջ այս տեսակի դադարները ստիպուած են կարճատեւ ըլլալու, քանի որ դեռ պիտի այցելուին կիլիկեան այլ շրջաններ` Չորք-Մարզպանը, Լեւոնի բերդը, քոզանուած Սիսը եւ Ատանան:

Ուղեցոյցի սլաքը այժմ ցոյց կու տայ Կապադովկիոյ շրջանը, Իւրկիւպ եւ Կեսարիա: Իսկ Կեսարիայէն ետք դարձեալ բազմաթիւ ապրումներով հարուստ բնօրրան մը` Ուլնիա կամ Զէյթուն: Ապա 12-րդ բաժնին մէջ պիտի այցելենք Գերմանիկ-Մարաշ, որ այսօր կը յիշուի Քահրաման Մարաշ:

Մինաս Գոճայեանի խումբը կ՛ընթանայ աքսորի կարաւաններու հակառակ ուղղութեամբ: Այսպէս,  կիլիկեան երկրէն կ՛ուղղուինք դէպի Հայկական բարձրաւանդակ: Եւ այստեղ ամէն աւան, ամէն բլուր, ամէն առու կը վերածուի Մեծ եղեռնի դաժան յուշերու վերապրումի մը: Միթէ ուրիշ կերպ կարելի է՞, երբ Սուրբ Կարապետէն մնացած միակ հետքի, փուլ եկած պատի մը սրբատաշ քարերուն մօտ գիւղացիի մը մատուցած լաւաշը ձեռիդ կը մրմնջաս Մուրատատույի աղերսուած աղօթքը` «Չանկլի, զիմ մուրազը տուր, զիմ սրտի սիրածը տուր»:

Այս աղերսանքով սոյն փլատակի վրայ կարելի է Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի հետ կապուած դեռ բազում երազներով տարուիլ, օրինակի համար` ուխտագնացութեան թափօրները երազել, աշուղները, քենտիրպազները, փահլեւանները պատկերացնել աչքերու առջեւ: Բայց ինչպէս վերեւ ալ նշած էինք, ժամանակը թանկ է: Դեռ Բալահովիտ պիտի երթանք: Բալու պիտի այցելենք: Պիտի տեսնենք «Հրանդ Տինք հիմնադրամ»-ի այդ հրաշալի աշխատութիւնով վերանորոգուած Հաւաւի աղբիւրները: Երկար ճամբայ ունինք մեր առջեւ: Այն բախտաւորներն ենք, որ Արարատը հանդիպակաց կողմէն պիտի տեսնենք ու մեր թոքերուն թոյլ տուած ամենագոռ ձայնով պիտի արտասանենք «Ես իմ Մասիս սարն եմ սիրում»:

Աւելի քան 4 հազար տարուան բնօրրանի մը վրայէն հազիւ դար մը առաջ անհետացած մեծ մշակոյթի մը հետքերն են, որ նախ կը խանդավառեն Մինաս Գոճայեանին խումբը եւ այս հրատարակութիւնով ալ` ընթերցողը:

Այդ խանդավառութիւնը, կ՛երեւի, բոլորս կը պարտինք հեղինակին դիւրահաղորդ գրելաոճին, որ թարգման կը հանդիսանայ համահայկական զգացումներու:

Այդ շունչով է, որ կը մագլցինք այս անգամ Մարութայ սար: Սասուն հասած ենք, Դաւթի վաթանն ենք: Նոյնիսկ սա սուլող քամին եթէ զգուշ լսենք, մեր ականջներուն պիտի հասնի նաեւ Ձէնով Օհանի կանչը: Մենք ալ տոգորուած ենք` լսելով այդ կանչը: Խոր մտածումներու մէջ ենք ինկած` արդեօք ո՞ր ձին մեզ շուտով կը հասցնէ Դաւթի մօտ…

Հայ ժողովուրդի հերոսապատումները սահմանուած չեն առասպելներով: Վարդան Մամիկոնեանի տնկած սօսիին նոյն տեղը 15 դար յետոյ սօսի տնկեց հայ ժողովուրդի այլ զօրավար զաւակ մը` մարաջախտ Բաղրամեան: Իսկ եթէ Միսաք Մանուշեան կամ Սողոմոն Թեհլիրեան իրենց ձեռքով տնկած սօսիներ չունին հայոց հողին վրայ, ի՛նչ փոյթ, հայ ժողովուրդը անոնց յիշատակին կառուցուած դպրոցներ ունի, որոնց հունձքը պիտի ըլլան մերօրեայ հերոսները:

Իբրեւ խոստովանութիւն` նշենք, թէ մեր մտքի այս տեսակի թռիչքները գիրքին ներշնչումէն կը ծագի: Հեղինակն է մեզ այս ու նման խորհուրդներու մատնողը: Զբօսաշրջիկ բառի յուշածը այլ բան է, պատմական Հայաստանի մէջ շրջող հայ ուխտաւորի ապրումները` այլ բան: Այդ տարբերակին գիտակցութեամբ է, որ Մինաս Գոճայեան նպատակադրած է իր աշխատութիւնը թարգմանել անգլերէնի եւ թրքերէնի: Եւ այս թարգմանութիւնը ուղղուած պիտի ըլլայ ո՛չ միայն հայախօսութենէ դադրած հայ ընթերցողին, այլ` մայրենին թրքերէն եղող շատ աւելի հոծ հասարակութեան մը:

Բայց մենք խորհուրդ կու տանք բոլոր այն հայերուն, որոնք նախապէս չեն գտնուած Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարածքին, նախքան ճամբորդելը` անպայման կարդան այս գիրքը: Նոյնիսկ բովանդակ ճամբորդութեան ընթացքին ալ ունենան իրենց մօտ` ընդմիշտ թարմացնելու համար այնտեղ յիշատակուած տեղեկութիւնները, քանի որ, ինչպէս այս գրքի նախաբանի հեղինակ փրոֆ. Արտեմ Սարգսեանն ալ կը վկայէ, «…այս ուխտագնացութեան հատորէն քարերն անգամ կը խօսին, ինչպէս` հեղինակը, կ՛ըմբոստանան այս կացութեան դէմ, որ անփոփոխ կը մնայ արդէն շուրջ հարիւր տարի…»:

 

Բագրատ Էսդուգեան

Քաղուած «Ակօս»-էն

Scroll Up