«Բագին». Գրական Հանդիպում` Նուիրուած Աղուան Վարդանեանի «Ելք Երկրից» Հատորին

«Բագին» գրական հանդէսի կազմակերպութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 25 յունիս 2014 երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ գրական հանդիպում մը, ուր ներկայացուեցաւ Աղուան Վարդանեան բանաստեղծը եւ անոր «Ելք երկրից» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:

Յակոբ Պալեան ողջունելէ ետք ներկաները ցաւով յիշեց գրականագէտ եւ խմբագիր Պօղոս Սնապեանի կորուստը` ըսելով, որ անոր տեղը միշտ ալ բաց պիտի մնայ սփիւռքի հայ իրականութեան  եւ հայրենիքի մէջ: Ապա անդրադարձաւ քաղաքականութեան եւ գրականութեան համատեղելիութեան հարցին եւ համաշխարհային գրականութենէն օրինակներ բերելէ ետք նկատել տուաւ, որ այս երկու հասկացողութիւնները հայ իրականութեան մէջ շատ աւելի դժուար համատեղելի են: Քաղաքականութեան դաշտին մէջ  Աղուան Վարդանեան այն քիչերէն է, որ զբաղեր  է նաեւ գրականութեամբ: Յակոբ Պալեան սեղմ գիծերով ներկայացուց Աղուան Վարդանեանի կենսագրական տուեալները, որմէ ետք ներկայացուց Վարդանեանի «Ելք երկրից» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, որ անոր 25-ամեայ ստեղծագործութեան ամբողջ արգասիքը կը կազմէ:

Աղուան Վարդանեանի Նախիջեւանէն ըլլալը հայրենական հետաքրքրական ու գեղեցիկ պատկերներ հաղորդած են անոր բանաստեղծութիւններուն: Պալեան աւելցուց, թէ կարելի է ըսել, որ ան իր ծննդավայրի վերարթնացումը պատկերած է իր տողերով: Վարդանեանին համար գիւղը լոյսի պատկեր է. «Բայց ես յիշում եմ գիւղը լոյսի մէջ», աւելցուց Պալեան եւ նկատել տուաւ նաեւ Վարդանեանի կապուածութիւնը հողին: Գունագեղ պատկերները ակներեւ են անոր տողերուն մէջ,  դարերու խորքէն եկած  հրաշք պատկերներ կը բովանդակեն: Վարդանեան ունի հարուստ բառապաշար, ջերմ ու յստակ ոճ, հեռու` բառակոյտէ: Ուշագրաւ է նաեւ անոր լեզուի անաղարտութիւնը, հեռու` օտարաբանութիւններէ: Պէտք է նշել, ըսաւ Պալեան, որ Աղուան Վարդանեան հայոց այբուբենին մէջ տեսած է յաւերժութեան սիրոյ նշանը, երբ կ՛ըսէ. «Աղբիւրներն են տառերն հայոց»: Վարդանեանի վերջին գրած գործը «Նոր էջ»-ն է.

Ահա գալիս են թեւերը բաց`
Իմ եղբայրների սէրը չափիր –
Զետեղիր խաղաղ քո աջ դասում,
Մինչեւ հատիկն իմ դառնայ մասուր,
Ու նրանք կանչեն ինձ այն ափից`
Այլեւս խօսքով հրեշտակաց:

Տուր` մեռելները մեզ չթաղեն,
Իսկ մնացածը անուշադիր
Վարանումներ են` քեզ դառնալու,
Եւ երբ որ մի տող` սառն ու հմուտ`
Կը գրուի թերթին մանուշակի,
Իմ սիրտն ու շունչը կը խաղաղուեն:

Աւարտին ապրումով ընթերցուեցան Աղուան Վարդանեանի բանաստեղծութիւններէն քանի մը կտորներ, որոնցմով կարելի եղաւ մասամբ մը մտերմանալ Վարդանեանի հոգեկան աշխարհին ու ըմբոշխնել անոր ապրումները: Գրական նոր հանդիպման մը իրականացման առաջարկով վերջ գտաւ հանդիպումը:

«Ազդակ»

Scroll Up