Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Պապական Նուիրակը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/10390289_10152610609692873_8924925805436635120_n.jpg)
Հինգշաբթի, 19 յունիս 2014-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա: Պապական նուիրակը եկած էր բարի գալուստ մաղթելու վեհափառ հայրապետին Վատիկանէն վերադարձին առիթով: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր արժեւորումը կատարելու Վատիկանի մէջ վեհափառ հայրապետին ունեցած հանդիպումներուն` սրբազան քահանայապետին եւ պատասխանատու կարտինալներուն հետ:
Խորհրդակցութեան նիւթ դարձաւ նաեւ շրջանին մէջ ստեղծուած կացութիւնը եւ անոր հետեւանքները քրիստոնեայ համայնքներուն վրայ: Հանդիպման ընթացքին ուշադրութեան յատուկ նիւթ դարձաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը:
«Ազդակ»