Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան Լիբանանը Պիտի Ներկայացնէ «Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Քաղաքականութիւնը» Խորագիրով Յատուկ Ծրագիրի Մը Մէջ

Լիբանանեան համալսարանի դասախօս դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապաքեան Լիբանանը պիտի ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հովանաւորած եւ կազմակերպած «Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը» խորագիրով յատուկ ծրագիրի մը մէջ:

Դոկտ. Պայրագտարեան նախ ընտրուած է լիբանանեան մակարդակի վրայ ներկայացած բոլոր թեկնածուներուն ընդմէջէն, ապա` միջազգային մակարդակի վրայ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ` աշխարհացրիւ ամերիկեան դեսպանատուներու ուղարկած թեկնածուներու ցանկէն ընտրուած առաջին 18 անձնաւորութեանց մէջ:

Ծրագիրը պիտի գործադրուի Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ:

«Ազդակ»

Scroll Up