Արեւմտեան Թեմի Նորընտիր Ազգային Վարչութեան Դիւանը
Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 42րդ նստաշրջանին (Մայիս 16-17, 2014) ընտրուած Ազգային վարչութիւնը Հինգշաբթի, Յունիս 12ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ գումարեց իր անդրանիկ նիստը, նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ ներկայութեամբ Կեդրոնական եւ շրջանաւարտ Ազգային վարչութեանց անդամներու. վարչութիւնը ընտրեց իր դիւանը՝ հետեւեալ կազմով.
Վահէ Յովակիմեան՝ ատենապետ
Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան՝ փոխատենապետ
Անդրանիկ Գասպարեան՝ ատենադպիր
Մհեր Տէր Օհաննէսեան՝ գանձապահ
Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան՝ խորհրդական
Վահրիճ Փիլաւճեան՝ խորհրդական
Դոկտ. Գալուստ Յակոբեան՝ խորհրդական
Մարք Ա. սրկ. Շիրին՝ խորհրդական
Թերեզ Քեմանճեան՝ խորհրդական
Իրաւաբան Ալիսա Քոնանեան՝ խորհրդական
Ներսէս Դշոյեան՝ խորհրդական
Նախքան դիւանի ընտրութիւնը, առաջնորդ սրբազան հայրը, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան եւ շրջանաւարտ Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան շնորհակալութեան խօսք փոխանցեցին ընթացաւարտ վարչութեան, իսկ յաջողութեան, արդիւնաւոր ու համերաշխ գործունէութեան լաւագոյն մաղթանքներ՝ նորընտիր վարչութեան։