Հրանդ Տինքի Գործով Հերթական Դատական Նիստ

«Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով կասկածեալ, Տրապիզոնի ոստիկանութեան նախկին հրամանատար Ալի Օզի դատավարութիւնը կը շարունակուի: Օզ մեղադրուած է Տինքի սպանութեան կազմակերպման մասին տեղեակ ըլլալու եւ սակայն սպանութիւնը չկանխելու եւ պարտականութիւնները լիարժէք չկատարելու յանցանքով:

Տրապիզոնի ծանր յանցագործութիւնները քննող դատարանին մէջ ընթացող այս նիստին, կասկածեալը՝ Ալի Օզ, ներկայ չէ եղած: Դատական նիստին չեն մասնակցած նաեւ Տինքի ընտանիքի փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլու եւ Ալի Օզի իրաւաբան Ալի Սիւրմեն: Այս անգամ եւս դատավարութիւնը յետաձգուած է մինչեւ Տինքի գործով Տրապիզոնի թիւ 2 հաշտարար դատարանի նախկին վճիռի բողոքարկման շուրջ՝ Վճռաբեկ ատեանի որոշումի ստացումը:

Ալի Օզի գործով դատական յաջորդ նիստին թուական նշանակուած է Սեպտեմբեր 11ը:

Թուրքիոյ Վճռաբեկ դատարանը նախապէս որոշած էր Ալի Օզի դատավարութիւնը յանձնել ծանր յանցագործութիւններու դատարանին: Վճռաբեկ դատարանը այդ որոշումին յանգած էր՝ մեկնելով այն իրողութենէն, որ Օզ ոճիրէն 6 ամիս առաջ տեղեակ եղած էր Տինքի սպանութեան ծրագիրին մասին, սակայն զայն կանխելու ոչ մէկ քայլի դիմած էր:

Սպանութենէն 6 տարի ետք, Ալի Օզ Տրապիզոնի թիւ 1 առաջին ատեանի եւ թիւ 2 հաշտարար դատարաններուն կողմէ մեղաւոր նկատուած էր՝ «յանցագործութեան մասին իմանալու, բայց պատկան կառոյցները չտեղեկացնելու» յանցանքով, եւ ուստի դատապարտուած էր 6 ամսուան բանտարկութեան: Վճռաբեկ դատարանը, Օզը ծանր յանցագործութիւններու դատարանին կողմէ կրկին դատելու իր որոշումը առած է՝ Տինքի ընտանիքի փաստաբաններուն ներկայացուցած բողոքին հիման վրայ:

http://asbarez.com

Scroll Up