Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռայի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը
Կիրակի, 15 յունիս 2014-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մարոնի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Պշարա Ռայի պատրիարքին փոխանորդ Փոլ Սայահ արքեպիսկոպոսը:
Պատրիարքական փոխանորդը Անթիլիասի մայրավանք եկած էր Ռայի պատրիարքին անունով բարի գալուստ մաղթելու վեհափառ հայրապետին` Վատիկանէն վերադարձին առիթով, ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւն ունենալու ընդհանրապէս Լիբանանի ներքին կացութեան ու յատկապէս նախագահական ընտրութեան մասին:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր վերատեսութեան ու արժեւորումի ենթարկելու վեհափառ հայրապետին Վատիկան կատարած այցելութիւնը եւ յատկապէս իր ունեցած խորհրդակցութիւնները Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան առնչուած` սրբազան քահանայապետին, Վատիկանի պետական քարտուղարին եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ: Նախագահական ընտրութեան գծով եղաւ տեսակէտներու փոխանակում եւ որոշուեցաւ խորհրդակցութիւնը շարունակել Պքերքէի եւ Անթիլիասի միջեւ:
«Ազդակ»