Հռիփսիմեանց Կոյսերու Մասունքները Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցիէն Փոխադրուեցան Ս. Աստուածածին Եկեղեցի

Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու նուիրուած աղօթքի շաբթուան տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, չորեքշաբթի, 11 յունիսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերուն: Աղօթքին ընթացքին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան փոխանցեց իր պատգամը:
Երէկ` հինգշաբթի, 12 յունիսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ յատուկ աղօթք` նուիրուած սուրբ կոյսերուն, ապա դարձեալ թափօրով` նախագահութեամբ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասին եւ առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքները փոխադրուեցան Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ յատուկ աղօթք:
Աւարտին, սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ շեշտեց, որ Հռիփսիմեանց կոյսերու նման սուրբերու նահատակութեան շնորհիւ մենք մինչեւ օրս կ՛ապրինք եւ կը պահենք քրիստոնէական հաւատքը:
Նշենք, որ երկուշաբթի, 16 յունիսին կ՛աւարտի Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթքի շաբաթը` հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագով, որ պիտի մատուցուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան ժամը 5:30-ին: Ապա սուրբերուն մասունքով պիտի կատարուի ջրօրհնէք:
«Ազդակ»