Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, 12 յունիս 2014-ին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ  ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ տիար Աշոտ Քոչարեանը:

Հանդիպումի ընթացքին, խօսակցութիւնը շօշափեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին աշխատանքները, ընդհանրապէս հայկական եւ մասնաւորաբար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրները,  Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումները:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ  Քահանայապետի մօտեցման ու ծրագիրներուն մասին:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան

Scroll Up