Սեբաստիոյ հայկական գիւղի գերեզմանատունը՝ գանձախոյզների թիրախ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/trac-sepastia_23-5-14.jpg)
Սեբաստիոյ Քանկալ գիւղաքաղաքի Պոզարմութ գիւղի հայկական հին գերեզմանատունը օր ցերեկով թուրք գանձախոյզներու թիրախ դարձած է: Ըստ տեղական աղբիւրներու՝ գանձախոյզները գերեզմանատան տարածքը պեղելու արտօնութիւն ստացած են շրջանի գաւառապետէն:
Պեղումներուն համար օգտագործուած է հողափոր մեքենայ: Քանի մը օրերու վրայ երկարող աշխատանքէ ետք, գիւղի նախկին հայ բնակիչներուն գանձերը փնտռող Թուրքերը ձեռնունայն հեռացած են: Հայոց նախկին գերեզմանատունը այժմ վերածուած է երթեւեկութեան հողէ ճանապարհի:
1915-էն առաջ գիւղին մէջ գործած է Ս. Սարգիս եկեղեցին, որ այժմ բնակարանի վերածուած է: Ներկայիս գիւղը ունի 147 բնակիչ:
«Նոր Յառաջ»