Իսթանպուլահայութիւնը անգամ մը եւս վայելեց Չէքիճեանի ղեկավարութեամբ Հայաստանի Պետական Ակադեմական Երգչախումբի համերգը

(Համերգ մը՝ որ կարձանագրի անմոռանալիներու ցանկին մէջ)
Յովհաննէս Չէքիճեանի ղեկավարութեան ներքեւ Հայաստանի Պետական Ակադեմական Երգչախումբի կողմէ Սփիւռքի մէջ սարքուած ամէն համերգ գեղարուեստական դէպք է այդ Սփիւռքի համար, եւ առաւելաբար այդպէս է նաեւ մեր քաղաքի առնչութեամբ: Այդ տեսակէտէ երէկ գիշերուան համերգը, որ սարքուեցաւ Գումգաբուի Որդւոց Որոտման Եկեղեցիի արուեստի կեդրոնին մէջ, կրնանք գեղարուեստական դէպք որակել: Ամբողջ եկեղեցին լեցնող ստուար բազմութիւն մը առաջին վայրկեանէն մինչեւ վերջին վայրկեանը անօրինակ խանդավառութեամբ հետեւեցաւ յայտագրին, որ ընդհանրապէս կը բաղկանար Կոմիտասեան շունչով օծուն, բայց քիչ ծանօթ եւ գործադրութիւնը շատ դժուար կտորներէ: Այս մէկը Չէքիճեանի ղեկավարութեամբ այս բարձրորակ երգչախումբին կողմէ մեր քաղաքին մէջ սարքուած երրորդ համերգն էր: Առաջին երկուքը արդէն անմոռանալի մնացած էին մեզի համար. այդպէս պիտի ըլլայ երէկ գիշերուանն ալ:
Յովհաննէս Չէքիճեանի համար այս տարի յոբելենական տարի է, ուստի ան երէկ գիշեր շատ երջանիկ էր մեր քաղաքին մէջ համերգ սարքելու ուղղութեամբ իրեն ուղղուած հրաւէրին համար: Բայց անկէ աւելի երջանիկ էին ամբողջ եկեղեցին լեցնող իրաւ արուեստասէրները, արուեստի ճաշակ ու գնահատանք ունեցողները, որոնց համար սովորական համերգ մը չէր այս մէկը: Առանց չափազանցած ըլլալու, կրնանք ըսել, որ արհեստավարժ չափանիշներով աշխարհի ամէնէն կատարելագործեալ երգչախումբերէն մէկն է Հայաստանի այս նշանաւոր երգչախումբը, որուն հետ քանի մը տասնամեակներէ ի վեր, աւելի ճիշդ՝ Վազգէն Ա. երջանկայիշատակ Կաթողիկոսին օրերէն ի վեր նոյնացած է Չէքիճեանի ստեղծագործական տաղանդը: Այս երկար տարիներու ընթացքին Չէքիճեանի անունը միշտ յիշուեցաւ Ակադեմական Երգչախումբի անուան հետ: Եւ այս նոյնացումին մէջ Իսթանպուլահայութիւնը ունեցաւ հպարտութեան իր արդար բաժինը, քանի որ Չէքիճեանը Իսթանպուլի զաւակ էր եւ Իսթանպուլահայութեան ծոցէն դէպի հայրենի երկիր նուիրուած արժէք մըն էր: Մեր կարծիքով, Գումգաբուի Որդւոց Որոտման եկեղեցիին սրահը թերեւս յարմարագոյն տեղը չէր այս որակով համերգի մը համար, բայց միւս կողմէ լաւ էր, որ այս համերգը կը սարքուէր այսպիսի «ազգային» սրահի մը մէջ եւ այս կերպով կը շեշտուէր համերգին ու պատրաստուած յայտագրին տոհմիկ նկարագիրը: Ամբողջ յայտագրի ընթացքին ուշագրաւ էր ամէն բանէ առաջ այն կարգապահութիւնը, որ կը տիրէր երգչախումբի ընդհանուր պատկերին մէջ, երգիչներ՝ զուսպ, լուրջ, անպաճոյճ, առանց իրենց ձեռքերուն մէջ նօթատետրի, եւ ուղղակի իրենց արուեստին հետ հաղորդակից:
Յայտագրին առաջին մասը ամբողջովին երգուեցաւ «ագաբէլլա», առանց նուագի կամ դաշնակի ընկերակցութեան: Հրաշալի երգեցողութեան այս աշխարհը բացուեցաւ Եկմալեանի «Ով Հայոց աշխարհ» երգով, որ կարծես երգչախումբին ողջոյնն էր մեր ժողովուրդին տրուած: Իսկ երկրորդ կտորը, որ Սահառունիի «Ճանըս մրմուռ» կտորն էր, ցոյց կուտար, թէ ինչ որակով երգչախումբ մը կար մեր դիմաց: Չորս ձայներու հրաշալի համադրութիւն ու միասնութիւն մը, որ երբեմն 60 երգիչները կարծես մէկ ձայնի կը վերածէր: Եկմալեանի «Սուրբ Սուրբ»-ը, որպէս երրորդ կտոր, արդէն մէկ ոստումով համերգը տարաւ դէպի հրաշալի զգայնութիւններու աշխարհ, դէպի մեր հոգեւոր երաժշտութեան ու Աստուծոյ հետ մեր երկխօսութեան ոլորտները: Մենք գիտենք, որ Չէքիճեան Եկմալեանին սիրահար մըն է: Բայց երէկուան յայտագրին մէջ կարգը շուտով եկաւ Կոմիտասին եւ մինչեւ յայտագրին առաջին մասի վերջաւորութիւնը՝ կանգ առաւ մեր մեծ երգահանին գործերուն վրայ: Մեր ժողովուրդը թերեւս բազմաթիւ նոր մեկնաբանութիւններ կամ Կոմիտասեան նոր մեղեդիներ կը գտնէր «Ել, ել», «Գարուն», «Գութաներգ», «Կալերգ» երգերուն մէջ, երգեր, որոնք Կոմիտասեան մեզի ծանօթ մթնոլորտէն դուրս կելլէին իրենց շատ բարդ ու դժուար գործադրելի ձայներով: «Կալերգ»-ին մէջ շատ տպաւորիչ մեկնաբանութիւն ունէր երգչախումբի երկու մենակատարներէն թէնոր Սարգիս Աղամալեան, թէեւ կտորներու առջեւ արձանագրուած չէին մենակատարներուն անունները, բան մը, որ պակասաւոր էր: Պարզապէս յայտագրի կողքին վրայ արձանագրուած էր, որ մենակատարներ էին սօփրանօ Սոֆիա Պաղտասարեան, թէնորներ Պերճ Քարազեան ու Սարգիս Աղամալեան, եւ պաս Պօղոս Պիազպէկեան: Բայց Կալերգին մէջ հրամցուած առաջին մեներգը արդէն գաղափար կուտար, թէ ինչպիսի ձայներ ունեին այս երգչախումբին անդամները:
Կոմիտասեան այս երգերէն վերջ առաջին մասը վերջացաւ դարձեալ Կոմիտասէն ընտրուած երգերու շարքով մը, որ հոյակապ էր: Երգչախումբը ամբողջ սրահին մէջ իրարու հետ կեղբայրացնէր 60 հոգիի հազիւ լսելի մրմունջն ու ամբողջ սրահը տեղէն խաղցնող պոռթկումները:
Ագափէլլա երգուած այս առաջին մասին յաջորդեց երկրորդը, որ մեզ նախ Հայկական աշխարհէն փոխադրեց դէպի Արեւմտեան երաժշտութեան աշխարհը, Չայքովսքիներու, Վէրտիներու, Կունօներու աշխարհը: Աշխարհի բոլոր երաժշտասէրները պաշտելու չափ կը սիրեն Վէրտիի «Նապուքքօ» օփէրայի նշանաւոր « Գերիներու խմբերգը», որ օփէրայի գրականութեան ամէնէն ընտիր էջերէն մէկն է: Բայց կարժէր այդ կտորը երէկ լսել Ակադեմական Երգչախումբէն:
Երկրորդ կտորէն սկսեալ այլեւս դաշնակը սկսաւ ընկերանալ այս անօրինակ համերգին, դաշնակահար Արամ Թուրապեանի կատարումով: Ամբողջ սրահին մէջ զուարթութեան ու պարային գեղեցկութեան հով մը փչեց Կունօյի այնքան գեղեցիկ ու առինքնող «վալս»-ով:
Արեւմտեան աշխարհի մէջ կատարուած այս կարճ պտոյտէն վերջ դարձեալ վերադարձանք մայրն ակունք ու անգամ մը եւս յուզուեցանք Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփէրայի յուզիչ «Նախերգանք»-ով: Չէքիճեան յարմար տեսած էր, որ այս բացառիկ համերգը վերջացնէր Չուխաճեանի «Լէպլէպիճի»-էն ընտրուած հատուածներով, որովհետեւ գիտէր, որ այս գործը շատ կը խօսէր Պոլսահայերուն: Բայց պէտք է ըսել, որ մենք մեր սպասածէն ալ շատ շատ աւելին գտանք այս հատուածին մէջ, ուր գրեթէ ամբողջ օփէրէթ մը ներկայացուցին երգչախումբը, դաշնակն ու չորս մենակատարները: Կախարդական ձայն ունէր սօփրանօ Սօֆիա Պաղտասարեանը, թէնորի ամէնէն ընտիր տեսակէն ձայն ունէին Պերճ Քարազեան ու Սարգիս Աղամալեան, իսկ պաս Պօղոս Պիազպեկեանի հզօր ձայնը մեզի կը ներկայացնէր վաւերական Լէպլէպիճի մը: Միայն այս վերջին հատուածը, զոր մենք յաճախակի կերպով լսելու կարելիութիւնը չունինք, կարծես Չէքիճեանին եւ ամբողջ երգչախումբին նուէրն էր Պոլսահայութեան, եւ այդ նուէրը ընդունուեցաւ ամենաջերմ ծափահարութիւններով:
Չէքիճեան, պատասխանելու համար ժողովուրդին ծափահարութիւններուն, յայտագրէ դուրս մեզի հրամցուց խորախորհուրդ «Տէր, ողորմեա» մը, ապա՝ փառաւոր «Հայրապետական մաղթանք» մը եւ այս բացառիկ համերգը աւարտին բերաւ «Երեւան-Էրեբունի»-ով:
Համերգին ներկայ էին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշն. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Գերշն. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Հոգշ. Տ. Զակքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Զատիկ Աբեղայ, Շիշլիի փոխքաղաքապետ Վազգէն Պարըն, Մայր քաղաքապետութեան խորհրդական Նատիա Թաշէլ, Տիրամայր Մառի Մութաֆեան: Հանդիսացվարն էր Լեռնա Եաղեազան, որ յայտագիրը բացած էր՝ ողջունելով հիւր երգչախումբն ու անորն արժէքաւոր խմբավարը: Ապա թրքերէնով ու հայերէնով ելոյթ մը ունեցած էր այս համերգը կազմակերպող Գումգաբուի թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց այս դժուարին գործին մէջ բարերար հանդիսացողներուն՝ գլխաւորութեամբ Տէր եւ Տիկին Արէտ ու Մօնիք Երկանեաններուն: Համերգի աւարտին ալ յուշանուէրներ յանձնուեցան մեկենասներ Երկանեան ամոլին, Պետրոս Շիրինօղլուի (որ յանձնուեցաւ եղբօրը Պերճ Շիրինօղլուին), Տիգրան Կիւլմէզկիլի:
Այս պատուական երգչախումբը այս գիշեր եւս պիտի կրկնէ իր համերգը, իսկ Կիրակի առաւօտ Գումգաբուի մէջ պիտի երգէ օրուան Սուրբ Պատարագը:
Երէկ գիշերուան համերգն ալ Իսթանպուլահայ արուեստի կեանքէն ներս պիտի արձանագրուի անմոռանալիներու ցանկին մէջ: Կը շնորհաւորենք բոլոր հիւր երգիչները, անոնց տաղանդաւոր մաէսթրօն, մենակատարները, նաեւ Գումգաբուի թաղային խորհուրդը ու թաղային խորհուրդին օգնական հանդիսացած բոլոր մեկենասները:
Ռ. Հատտէճեան
«Մարմարա», 7-ը Յունիս, 2014թ.