Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» Ակադեմիա . Ուսուցիչներու, Շրջանաւարտներու Եւ Աշակերտներու Միացեալ Ցուցահանդէս
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/IMG_2916.jpg)
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիային, նախագահութեամբ Ռոզվարդ Սիսեռեանի, երէկ` հինգշաբթի, 5 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00¬ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ միացեալ ցուցահանդէսի մը, որ կը համախմբէր կերպարուեստի դպրոցի արուեստագէտ ուսուցիչները, շրջանաւարտներն ու աշակերտները:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Կարպիս Գապասագալեան, որ անդրադարձաւ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին առաքելութեան` դիտել տալով, որ անոր երդիքին տակ համախմբուած աւելի քան 120 աշակերտներ հայ արուեստագէտներու հսկողութեան տակ կը զարգացնեն իրենց բնածին տաղանդը եւ տարուէ տարի անոնք կ՛արձանագրեն զգալի յառաջդիմութիւն: Անոր համաձայն, երբ դիտենք աշակերտներուն գործերը, կը նշմարենք, որ անոնց գրիչները, գոյներն ու վրձինները հայերէն կը խօսին:
Կ. Գապասագալեան նաեւ խօսեցաւ ցուցահանդէսի իւրայատուկ ըլլալուն մասին` նշելով, որ անիկա կը մէկտեղէ եւ միասնաբար կը ներկայացնէ ուսուցիչներուն, շրջանաւարտներուն եւ աշակերտներուն նրբագոյն ճաշակով ծնած ստեղծագործութիւնները: Ան աւելցուց, որ ուսուցչական կազմը իր մասնակցութեամբ ո՛չ միայն բարոյական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ, այլ նաեւ իր գործերուն վաճառքով սատար կը հանդիսանայ դպրոցին:
Ռոզվարդ Սիսեռեան
Ռազմիկ Պերթիզլեան
Կարպիս Գապասագալեան
Իր խօսքի աւարտին Կ. Գապասագալեան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւոր Ռոզվարդ Սիսեռեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին այս ցուցահանդէսի յաջողութեան:
Ապա խօսք առաւ արուեստագէտ, ուսուցիչ Ռազմիկ Պերթիզլեան, որ դիտել տուաւ, թէ «Թորոս Ռոսլին» դպրոցի յարկին տակ կը կազմաւորուին գաղութին համար իւրայատուկ արժէք ունեցող տաղանդներ, որոնք հոգի կը հարստացնեն ու անոր հարազատութիւնը կը ցոլացնեն իրենց գործերուն ընդմէջէն: Ան հետաքրքրական գտաւ կազմակերպուած ցուցահանդէսը` նշելով, որ անիկա նաեւ ձեւով մը մրցակցութեան եւ ազդեցութեան դրսեւորման առիթ է` ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն միջեւ:
Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց արուեստագէտ Ռոզվարդ Սիսեռեան, որ անդրադարձաւ այն տարիներուն, երբ արուեստին արժէք չէր տրուեր, տաղանդաւոր լիբանանահայերու ձիրքերը կը մնային թաքուն, մինչ Հայաստանի մէջ, հակառակ աղքատութեան եւ ծանր կացութեան, աշակերտները իրենց դպրոցներէն ետք կը յաճախէին արուեստի դպրոցներ: Անոր համաձայն, Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիան եկաւ այդ բացը գոցելու, արուեստասէր աշակերտներուն ապահով եւ յուսատու երդիք դառնալու, որպէսզի զարգանան արուեստները, արդիւնաւորուին ձիրքերը եւ պտուղ տան: Աւարտին ան շնորհաւորեց «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիան եւ ողջունեց անոր յաջողութեան սատարողները:
Ցուցասրահի երկու յարկերուն վրայ ցուցադրութեան դրուած էին ուսուցիչներ Ռազմիկ Պերթիզլեանի, Գէորգ Ուլաշեանի, Տարիա Խտըշեանի, Վարդան Խապայեանի, Միրէյ Կոկիկեանի, Մարալ Երամեանի եւ Կիւլէն Տէր Պօղոսեանի գործերը, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտներուն եւ աշակերտներուն ստեղծագործութիւնները:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ 6 եւ 7 յունիս 2014¬ին:
«Ազդակ»