Յակոբ Վարդիվառեանի բազմաբեղուն ծառայութեան 45-ամեակը

«Երնէկ նրան, որ իր գործով

 Կ՛ապրի անվերջ, անդադար»:

Յովհ. Թումանեան

Յունիս 21-ին Նիւ Ճըրզիի եւ Նիւ Եորքի հայութիւնը, գլխաւորութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Արեւելեան թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, արդար գնահատանքով մը պիտի մեծարէ սփիւռքահայ բազմաբեղուն հասարակական գործիչ, Թէքէեան մշակութային միութեան Ամերիկայի եւ Գանատայի կեդրոնական վարչութեան ցկեանս անդամ, ծանօթ հրապարակագիր, հինգ հաստափոր ու շահեկան գիրքերու հեղինակ, մեր տարիներու բարեկամ Յակոբ Վարդիվառեանի ծննդեան 65 եւ ազգային ծառայութեան 45-ամեակներուն առիթով:

Պաշտօնական ամենաբարձր մակարդակով կազմակերպուած այս ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Ճըրզիի Clinton Inn պանդոկին մէջ՝ նախաձեռնութեամբ Թ.Մ.Մ.ի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի կեդր. վաչութեան:

Գրել եւ անդրադառնալ սիրելի Յակոբ Վարդիվառեանի մասին՝ կը նշանակէ գրել այն բախտաւոր եւ մաքրամաքուր, ազգային անսահման սիրով եւ նուիրումով օժտուած երիտասարդներու մասին, որոնք սնած եւ մեծցած են Սփիւռքի մեծանուն ուսուցիչներով ու դաստիարակներով եւ իրենց կեանքը իմաստաւորած են ազգային կեանքով, ազգային ծառայութիւններով, որոնց լաւագոյն ներկայացուցիչներէն է Յակոբը:

1950-75-ական թուականներուն սփիւռքահայութեան բաբախուն սիրտը հանդիսացող Լիբանանի մէջ հասակ առաւ սերունդ մը, որ այդ գաղութի ազգային կեանքին մէջ մեծ եռուզեռ եւ խանդավառութիւն ստեղծեց: Այդ տարիներուն Լիբանանի հայութեան կեանքը լեցուն էր կրթական, հասարակական, եկեղեցական եւ մշակութային այլատեսակ եւ բազմաթիւ ձեռնարկներով եւ հարցերով: Այդ տարիներուն լիբանանահայութիւնը իր Ոսկեդարը կապրէր: Այս բոլորին մէջ մեծ դեր խաղցան նաեւ Հայրենիքէն եկած մեծաթիւ արուեստագէտները, մտաւորականները եւ մշակոյթի գործիչները, որոնք հայրենասիրութեան աւիշ եւ աւիւն ներարկեցին այդ գաղութին: Ահա այսպիսի մթնոլորտի մէջ հասակ առաւ Յակոբը:

Յակոբ Վարդիվառեանի անձնական եւ հասարակական կեանքի կենսագրութիւնը, նոյնիսկ թռուցիկ ընթերցումով կարդալը, գլխուպտոյտ կը պատճառէ: Ան Լիբանանի, Յոըդանանի, Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի հայկական գաղութներուն համար օրհնութիւն մը եղաւ՝ իր եռանդուն ծառայութիւններով մեծապէս նպաստելով այդ գաղութներու աշխուժացման:

* * *

Յակոբ Վարդիվառեան ծնած է Պէյրութ, Մայիս 22, 1949-ին, հայրենապաշտ ծնողքին՝ բնիկ հասանպէյցի-ամանոսցի հօր՝ Հայկազունին եւ բնիկ իզմիթցի մօր՝ Անահիտի ջերմ յարկին տակ: Չորս տարի ետք կը ծնի իր եղբայրը՝ Զարեհ (այժմ Գալիֆորնիա ապրող գեղաբոյժ Տօքթ. Զարեհ Վարդիվառեանը):

Յակոբ յաճախած է Հ.Բ.Ը. Միութեան վարժարանները՝ Տէմիրճեան, Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Երուանդ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկը, ինչպէս նաեւ՝ Հայկազեան Գոլէճ: Ինչպէս ըսինք, ան եղաւ այն բախտաւորներէն, որ ուսուցիչներ ունեցաւ Վահէ-Վահեանի, Արա Թօփճեանի, Գերսամ Ահարոնեանի, Զարեհ Մելքոնեանի պէս հանրածանօթ եւ իրաւ ուսուցիչներ:

Վերոյիշեալ ոգիով ու շունչով դաստիարակուած եւ Հ. Բ. Ը. Միութեան, Թէքէեանի եւ ՌԱԿ-ի շարքերուն մէջ ունեցած աշխոյժ ծառայութիւններուն շնորհիւ, Յակոբ իր տարիքէն շատ աւելի շուտ աճեցաւ եւ իր հօր Պէյրութի՝ Photo Central-ի մէջ շուկայի փորձառութիւն ալ ձեռք ձգելով, իւրայատուկ կարողութիւններով օժտուած գործիչ մը դարձաւ: Ճիշդ ասոր համար ալ, հայագիտական ուսանող՝ 19 տարեկան Յակոբը ամէն տարիքի եւ ասպարէզի ընկերներ ունեցաւ: Փոքրիկ, պատանի սկաուտներէն, Հ.Ե.Ը.ի  անդամներէն մինչեւ բարձրաստիճան կղերականներու, համալսարանի  դասախօսներու հետ շատ հանգիստ, անկաշ-կանդ կը խօսէր եւ կը խօսեցնէր զանոնք:

Որպէս պատառիկ մը յուշերու, այստեղ յիշեմ դրուագ մը:

Այդ տարիներուն Հայագիտական հիմնարկի ուսանողաց միութեան ատենապետն էի: Այդ հանգամանքով ալ, երբ մեր դասախօսներէն կամ ղեկավարներէն բան մը կ՛ուզէինք, կամ՝ հրաւէր մը կ՛ուղղէինք, Յակոբ Վարիվառեանն էր անոնց բանալին. ինք գիտէր՝ ինչպէս զանոնք համոզել եւ բերել: Լուսահոգի Գնէլ Սրբազան Ճէրէճեան մեր հիմնարկի դասախօսներէն էր: Ուսանողաց միութիւնը ուզեց զինք հրաւիրել խօսելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եկեղեցական տագնապին մասին: Ամենէն յարմար անձը Գնէլ Սրբազանն էր, քանի որ ան եղած է այդ տագնապի ականատեսն ու գլխաւոր դերակատարներէն մին: Յակոբին դիմեցինք, որ Գնէլ Սրբազանը հրաւիրէ այդ նիւթին մասին խօսելու՝ երեք ամիս ժամանակ տալով:

– Չեմ կրնար, երեք ամիս յետոյ թաղումի պիտի երթամ եւ շատ յոգնած կ՛ըլլամ: – Ա՛յս եղած էր Գնէլ Սրբազանին պատասխանը, զոր Յակոբ բերաւ մեզի:

– Կ՛երեւի չ՛ուզեր այդ նիւթի մասին խօսիլ, –  ըսին մեր վարչականներէն ոմանք:

– Ո՛չ, ո՛չ – վրայ բերաւ Յակոբ: – Մի՛ մոռնաք, որ ան կղերական է: Գիտէ, թէ ապագային ինչ պիտի պատահի… Գիտէ, որ երեք ամիս ետք մէկը պիտի մեռնի: Հոգ չէ, նորէն կը խօսիմ:

Բայց Յակոբ անդրդրուելի մնաց եւ իրեն յատուկ մօտեցումներով ու համոզիչ խօսքերով կրցաւ Գնէլ Սրբազանը հրաւիրել՝ խօսելու եւ «պարպուելու» համար այս նիւթիւն մասին:

Յակոբ Վարդիվառեան փոքր տարիքին առատաձեռն մարդ էր: Պէյրութի կեդրոնը, Հրեաներուն թաղը գտնուող իրենց ընդարձակ տունը հայագիտական ուսանողներու յաճախակի հանդիպման տունն էր: Հայագիտականի դասընթացքէն ետք, երկսեռ ուսանողներուն ժամադրավայրն էր այդ տունը, ուր ուսանողներս, մեր սանտուիչները բերելով, պիտի ընթրէինք եւ զրուցէինք, չըսելու համար բամբասէինք:

Յակոբ, երիտասարդ տարիքէն հօր խանութը կ՛աշխատէր: Շատ աշխոյժ վարչական էր քանի մը միաւորներու: Այդ տարիքին քանի մը ՙձմերուկ՚ կրելու փորձառութիւն ունէր:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառաւ Յակոբ Վարդիվառեան կը փոխադրուի Ամման եւ հոն եւս հսկայածաւալ աշխատանք կը տանի Հայ Եկեղեցիէն, ՌԱԿ-էն, Թէքէեանէն, բայց մանաւանդ Հ.Բ.Ը.Միութենէն ներս:

Պէյրութի սկաուտական, վարչական, «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի երկար տարիներու աշխատանքի փորձառութիւնը իր հետ տանելով՝ մեծապէս նպաստեց Ամմանի հայ գաղութին:

1976-ին Ամմանէն Միացեալ Նահանգներ անցնելով՝ կը հաստատուի Ամերիկայի Արեւելեան ափերը՝ Պոստոն, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի,տեղւոյն հայագաղութներուն մէջ եւս բազմաբեղուն, լայնածիր գործունէութիւններ կը ծաւալէ: Եւ այդ բոլորը իր անձնական, առեւտրական գործին կողքին, որ կը պահանջէ օրերու եւ շաբաթներու ճամբորդութիւններ: Միայն գործի բերումով ան ճամբորդած է հարիւրէ աւելի երկիրներ, իսկ որոշ երկիրներ՝ տասնեակ անգամներ երթալով:

Հ.Բ.Ը.Միութեան Ռամկավար ազատական կուսակցութեան, Թէքէեան մշակութային միութեան, Հայ Եկեղեցիին, Հայաստանին եւ Արցախի Հանրապետութեան, Հայաստանի օգնութեան համար բազմաթիւ  մարմիններու մաս կազմած է եւ հարիւր հազարաւոր տոլարներ ծախսած է ազգային կեանքին համար:

Ան հեղինակն է հինգ մեծածաւալ հատորներու՝ «Հանդիպումներ» խորագրով, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ գիրքերու, հրատարակութիւններու եւ զանազան նիւթերու մասին գիրքերու խմբագիրը եղած է:

Մեկենասն է տասնեակ գիրքերու: Բարերարն  է երեք մրցանակներու, «Զարթօնք», «Նոր Օր» եւ «Ազգ» թերթերու:

Այս առիթով շնորհակալութեամբ կ՛ուզենք յիշել, թէ Յակոբ Վարդիվառեան ամէն տարի իր նիւթական օժանդակութեամբ սատար եւ նեցուկ կանգնած է Փասատինայի մէջ գործող Թ.Մ.Մ.ի Հայ ընտանեկան շաբաթօրեայ միակ վարժարանին:

Արտասովոր, վարակիչ խանդավառութեամբ եւ նուիրումով կը կատարէ այն բոլոր պարտականութիւնները, զորս կը ստանձնէ:

Յակոբ Վարդիվառեան աստուածապարգեւ իր կեանքի 65 տարիները լեցուց ոչ միայն իր անձին, իր ընտանիքին ու զաւակին՝ Հայկին եւ լուսահոգի առաջին տիկնոջ՝ հանգուցեալ Արփի Միքայէլեանի եւ ներկայ տիկնոջ՝ Մարիա Փրինսիփփի պատիւ բերելով, այլ ան եղաւ եւ պիտի մնայ իր ծառայած կազմակերպութեանց, միութեանց ու մանաւանդ մեր յաւերժալոյս հայրենիքին եւ լուսոյ խորան Ս. Էջմիածնի զարդն ու պարծանքը: Իսկ քու ծանօթներուդ եւ դասընկերներուդ հպարտութեան աղբիւր ես:

Հպարտ ենք քեզմով, սիրելի՛ Յակոբ:

Քեզի կը մաղթեմ երկար եւ առաւել արդիւնաւոր կեանք:

Ծնունդդ շնորհաւոր, հերոսածին եւ հերոսամայր Հայրենիքի եւ հայ ազգի երախտաշատ զաւակ, քեզի մաղթելով մաքրապայծառ երկինք մը:

Խաչիկ Ճանոեան    

Scroll Up