Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Քոլեճին Մէջ. Մայիսեան Յաղթանակին Նուիրուած Ժողովրդային Եզրափակիչ Տօնախմբութիւն
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին եւ «էտկար Ակնունի», «Սողոմոն Թեհլիրեան» եւ «Շուշի» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ շաբաթ, 31 մայիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:20-ին, Ֆանարի Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն` նշելու համար Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկախութեան 96-րդ տարեդարձը:
Նախքան պաշտօնական ձեռնարկը` Ֆանարի ժողովրդային տուներու շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս-վաճառք մը, որուն մասնակցեցան ՀՅԴ «Կոմս» պատանեկան միութիւնը, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» պատանեկան միութիւնը, ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութիւնը, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի ուսուցչական կազմն ու ծնողական յանձնախումբը, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղը, ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի մասնաճիւղը, ԼՕԽ-ի «Արազ» եւ «Հռիփսիմէ Սասունի» մասնաճիւղերը, Ֆանարի կիրակնօրեայ վարժարանը եւ տիկնանց յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի գրախանութը:
Ուրախութեան եւ տօնական մթնոլորտի մէջ մեծաթիւ բազմութիւնը Ֆանարի մուտքէն հետեւելով ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբին ուղղուեցաւ դաշտ:
Տողանցեցին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Ժտէյտէի եւ ՀՄԸՄ-ի Ռաուտայի սկաուտները, Պաուշրիէի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի խումբերը, Ազգային Ս. Խանամիրեան քոլեճի աշակերտներն ու Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Քոնկ ֆուի խումբը:
Տօնակատարութեան պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով:
ՀՅԴ Քարոզչական մարմինի անդամ Շաղիկ Յովսէփեան ներկայացուց օրուան յայտագիրը:
Արծիւ Տէր Խաչատուրեան
Գօգօ Հաշէօլեան
«է. Ակնունի», «Ս. Թեհլիրեան» եւ «Շուշի» կոմիտէութիւններուն անունով խօսք առաւ Արծիւ Տէր Խաչատուրեան, որ ըսաւ, թէ Հայաստան 600 տարուան զրկանքէ ու տառապանքէ ետք անկախացաւ օտարի լուծէն եւ իր վրայէն թօթափեց օտարին ենթարկուելու իրեն պարտադրուած վիճակը: «Մենք` հայերս, միշտ բաժան-բաժան եղած ենք, սակայն օրհասական պահերուն միշտ ալ ակներեւ եղած է մեր միասնականութիւնը եւ մէկ դրօշի տակ համախմբուածութիւնը: Միասնական ուժերով է, որ հասած ենք ու նուաճած յաղթանակները: Այսօր ալ ունինք ազատ եւ անկախ հայրենիք մը` Հայաստանը, ունինք հզօր բանակ, որոնք հպարտալի իրականութիւններ են մեզի համար: Սակայն, սիրելի՛ ժողովուրդ, պէտք է գուրգուրանք, պէտք է ազատութիւնը պահել գիտնանք», ըսաւ ան:
Ա. Տէր Խաչատուրեան շեշտեց իւրաքանչիւր հայ անհատին կողմէ Հայաստանի հզօրացման աշխատանքին մէջ ներդրում ունենալու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ միայն հզօր Հայաստանով եւ պետականութեամբ կարելի կ՛ըլլայ ազդեցիկ կերպով հետապնդել Հայկական հարցը:
«Հայրենիքի հզօրացման գաղտնիքը կը գտնուի իր ժողովուրդի զօրութեան մէջ: Ինչքան կազմակերպուած է հայ ժողովուրդը, ըլլայ ան Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, այդքան հզօր կ՛ըլլայ մեր հայրենիքը եւ սփիւռքը: Զօրաւոր սփիւռքը լաւագոյն ապաւէնն է Հայաստանի: Հետեւաբար մենք պէտք է գործնական աշխատանքի լծուինք, տէր կանգնինք հայ դպրոցին, եկեղեցւոյ, ակումբներուն եւ ըլլանք միասնական: Խուսափինք ներքին վէճերէ եւ պառակտումներէ, որոնք կը ջլատեն մեր ուժերը, եւ մեր կեդրոնացումի առարկան դարձնենք մեր երիտասարդները, որպէսզի չմոլորին եւ յոռի բարքերէ հեռու մնան: Անոնք են մեր ապագան, եւ անհրաժեշտ է հայեցի արժանի դաստիարակութիւն ջամբել անոնց», ընդգծեց ան:
Գեղարուեստական յայտագիրի ծիրին մէջ ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան երգչախումբը, որ մեկնաբանեց «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» երգը:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տհոլահարներու համոյթը:
Ապա օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինի անդամ Գօգօ Հաշէօլեան, որ հաստատեց, որ հայոց պատմութեան պանծալի ու անժամանցելի այս թուականը` Մայիս 28-ը կը մնայ թուականներուն թուականը, որուն ընթացքին Հայաստանի Ա. հանրապետութիւնը կերտուեցաւ հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքով եւ զոհաբերութեամբ:
«Եթէ չըլլային Սարդարապատն ու Մայիս 28-ը, այսօր գոյութիւն պիտի չունենար նաեւ մեր վերանկախ հայրենիքը, մեր գոյատեւումն ու անկատար տենչերուն անփոխարինելի կռուանը», ըսաւ ան:
Գ. Հաշէօլեան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդը իր ապագան կերտեց իր նահատակներուն արիւնով` աւելցնելով, որ եթէ Մայիս 28-ի աքթին հայ ժողովուրդը օրին քաղաքականապէս պատրաստ չէր, բայց անոր պատրաստ էր նահատակութեան եւ իմացեալ մահուան ոգիով: «Ազգային գերագոյն շահերու գիտակցութիւնը մեծագոյն գրաւականն է դարփնելու ազգային արժանապատուութիւնը եւ անոր համար նահատակուելու պատրաստակամութիւնը: Արցախի մեր ժողովուրդը տուաւ անոր օրինակը: Կը մնայ, որ Հայաստանի մեր ժողովուրդը եւ սփիւռքահայութիւնը իրենց գոյապայքարը գօտեպնդեն նոյն ոգիով: Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականէն դուրս պակասաւոր է Հայ դատի սահմանումը: Մայիս 28-ը մեզի փոխանցեց Հայ դատի ամբողջականութեան պատգամը», եզրափակեց Գ. Հաշէօլեան:
Մայիս 28-ի պատգամով հաղորդուած ներկաները դիտեցին ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն պատանիներուն կողմէ ներկայացուած Քոնկ Ֆուի ցուցադրութիւնը:
Ազգային եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան երգիչներ Յարութ Լափաճեան, Սերոբ Յակոբեան, Լիզա Սվաճեան, Ալիս Իփրաճեան, Հրաչ Կայծակեան, Շաքէ Պաղտասարեան, Վիգէն Տիշչեքենեան եւ Արարատ Ահարոնեան` ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի եւ թմբկահար Վահէ Սիմոնեանի:
Տօնախմբութիւնը փակուեցաւ «Արիւնոտ Դրօշ»-ով, կատարողութեամբ` փառատօնին մասնակից երգիչներ Արարատ Ահարոնեանի, Շաքէ Պաղտասարեանի, Վիգէն Տիշչեքենեանի եւ Յարութ Լափաճեանի:
Տօնախմբութիւնը աւարտեցաւ Այնճարի աւանդական տհոլով եւ զուռնայով, ինչպէս նաեւ հրավառութեամբ:
Նշենք, որ տօնախմբութեան մասնակցող հայորդիներուն բաժնուեցան ՀՅԴ Քարոզչական մարմինի յատուկ հրատարակութիւնը, Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՅԴաշնակցութեան դրօշները եւ Եռագոյն փուչիկներ, ինչպէս նաեւ «է. Ակնունի», «Ս. Թեհլիրեան» եւ «Շուշի» կոմիտէութիւններուն կողմէ պատրաստուած Մայիս 28-ի յատուկ յուշանուէր մը:
«Ազդակ»