ՀՄԸՄ-ի Մշտանորոգ Կենսունակութեան Ընդմէջէն Լիբանանահայութիւնը Վերանորոգեց Իր Նուիրաբերումն Ու Հաւատարմութիւնը Մայիս 28-ի Խորհուրդին
1 յունիս 2014-ը կրկին համախմբումի օր էր լիբանանահայութեան համար, համախմբում` մայիսեան փառապանծ յաղթանակին շուրջ` անկէ փոխանցուած հպարտութեամբ լիանալու, անկէ պատգամ ու կտակ քաղելու նպատակով, համախմբում` ՀՄԸՄ-ի շուրջ` սփիւռքի տարածքին հայրենիք եղած այդ միութեան եւ անոր նշանաբանին հաւատարիմ մնալու ուխտը վերանորոգելու ու անոր շարքերուն մէջ գործած ու գործող նուիրեալներուն երախտագիտութիւն յայտնելու նպատակով:
Լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս խիտ շարքերով եկած էր Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ` պատգամաբեր սովորութեան վերածուած Մայիսեան փառատօնին մասնակից ըլլալու, ՀՄԸՄ-ականներուն տողանցքին ականատես ըլլալու եւ անոնց ներշնչած յոյսով եւ հաւատքով ներշնչուելու նպատակով:
Մայիսեան այս փառատօնը կը կրէր հովանաւորութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութիւնը` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպուած էր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու կշռոյթով բարձրացան Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակները, ապա խորհրդաւոր կերպով կատարուեցաւ ջահավառութիւնը` ՀՄԸՄ-ի վեթերան սերունդի ներկայացուցիչին կողմէ:
Թալին Օրտողլեան
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Թալին Օրտողլեան, որ անդրադառնալով սովորութեան վերածուած այս փառատօնին ընդմէջէն Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման եւ 28 Մայիսի փառահեղ ու փառապանծ յաղթանակի նշման` դիտել տուաւ, որ առանց անոնց հաւանաբար կարելի պիտի չըլլար ունենալ երազը եւ իրականացումը այսօրուան անկախութեան եւ պետականութեան:
Ան յայտնեց, որ 96 տարիներ առաջ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ունեցաւ երկու կարեւոր իրադարձութիւն` անկախ Հայաստանի հռչակում եւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան ծնունդ Պոլսոյ մէջ: «Երկու իրադարձութիւններ, որոնք անկիւնադարձային կը նկատուին մեր պատմութեան մէջ: Այն պահուն, երբ Երեւանի մէջ Արամ Մանուկեանն ու անկախութիւնը կերտող հսկաները հիմը կը դնէին անկախ պետութեան, Պոլսոյ մէջ Քրիսեան, Հինդլեան, Յակոբեան, Չերազ եւ ուրիշներ Եղեռնի ցաւէն ու տառապանքէն կը հիմնէին մարմնակրթական միութիւն մը, որուն տուին հայ ժողովուրդին ծառայելու պարտականութիւնը», հաստատեց Թալին Օրտողլեան:
Անոր համաձայն, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան օրէն իսկ նպատակը յստակ էր` պատանիին եւ երիտասարդին ջամբել այնպիսի դաստիարակութիւն մը, որուն ճամբով ան պիտի ըլլայ մարմնով ու մտքով առողջ հայ անհատը, որ պիտի ծառայէ իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին. այսօր ալ աշխարհասփիւռ հարիւրաւոր մասնաճիւղերն ու հազարաւոր սկաուտները, մարզիկներն ու միութենականները կը շարունակեն գործել նոյն հաստատ կամքով եւ անխոնջ ճիգերով` անխախտ պահելու բոլոր այն սկզբունքները, որոնց վրայ հիմնուած է այս կազմակերպութիւնը:
Թ. Օրտողլեան դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ը լոկ մարզական միութիւն մը չէ, այլ` սփիւռքահայութեան դիմաց ցցուած վտանգներուն եւ մարտահրաւէրներուն դէմ կանգնող պողպատեայ վահան մը:
Ապա սկաուտները դաշտին վրայ կտաւներով գծեցին Լիբանանի քարտէսը, իւրաքանչիւր մասնաճիւղի պատմական ակնարկի ընթերցումով անոր գոյնը ներկայացնող դրօշակ զետեղուեցաւ քարտէսին վրայ: Այսպիսով հպարտութեամբ ծածանեցան դրօշակները Լիբանանի տարածքին գործող ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերուն, որոնք իրենց երդիքին տակ համախմբած են նոր սերունդի մեծաթիւ ներկայացուցիչներ:
Կարպիս Գապասագալեան
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը փոխանցեց Կարպիս Գապասագալեան, որ վերածնունդի ու յաղթանակի, ինքնորոշման ու վճռականութեան օր հանդիսացող 28 մայիսին անդրադառնալով` յայտնեց, որ մեր ապագայատես հերոսները ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտեցին, որովհետեւ օժտուած էին իրենց ազգային ըմբռնումներուն նկատմամբ ամրակուռ հաւատքով, տենդագին սէր կը տածէին իրենց ժողովուրդին նկատմամբ եւ ունէին արտակարգ նուիրում, իսկ այս բոլորին դրսեւորումն ու փաստը անոնք տուին իրենց կեանքով, նաեւ կեանք տալով հայոց պատմութեան նորագոյն հրաշքին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի համազգային գաղափարին:
Ըստ անոր, այս առիթով կազմակերպուած տօնախմբութիւններ նաեւ առիթ են լուսարձակի տակ առնելու ՀՄԸՄ-ի վեհագոյն նպատակի գործադրութիւնը, որովհետեւ այս միութիւնը միշտ ալ գիտակցեցաւ, որ ամէն գնով պիտի ծնի ախոյեաններ, ազգին պիտի նուիրէ սկաուտ պատասխանատուներ, վարչականներ եւ միութենականներ: «Վկայ` ՀՄԸՄ-ի պատմութեան բազմահազար էջերը, վկայ` որբանոցէն ծնած այս հզօր միութիւնը, որ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն մէջ կը գործէ իր 104 մասնաճիւղերով` «Եռագոյն» դրօշին ներքոյ` ամէնուրեք եւ ամէն ժամ ստեղծելով «Նոր Հայաստան» մը», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ միութեան երդիքին տակ հասակ կը նետեն այնպիսի սերունդներ, որոնք կը սորվին իրենց անձէն առաջ եւ իրենց անձէն ետք իրենց նմանին ծառայելու նուիրական ոգին ու յանձնառութիւնը, ամբողջական հաւատարմութիւնը:
Կարպիս Գապասագալեան դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդին դիմաց վաղուց բազում եւ բազմաճիւղ եղած էին մարտահրաւէրները, սակայն ան կրցած էր շրջանցել այդ բոլորը, նոյնիսկ կրցած էր յարութիւն առնել ահեղ ցեղասպանութենէն, անտեսել մահը, որովհետեւ օժտուած էր վճռականութեամբ եւ գոյատեւելու հաւատքով: Ան հաստատեց, որ այսօր եւս պէտք է ձգտիլ նպատակասլաց կեանքի, յարատեւ պայքարի եւ մեր պահանջատիրութիւնը մի՛շտ կենդանի պահելու նպատակակէտին:
Կարպիս Գապասագալեան հաստատեց, որ Սարդարապատի զանգերուն ղօղանջը աշխարհացրիւ իւրաքանչիւր հայու համար պէտք է հրաւէր ու թելադրանք ըլլայ` պահպանելու հայ լեզուն, հայ մշակոյթը, հայկական արժէքները, աւանդութիւններն ու ազգային ինքնուրոյն նկարագիրը, մինչեւ վերջին շունչ հետապնդելու հայ ժողովուրդի արդար եւ անժամանցելի դատը:
Իր խօսքի աւարտին ան կոչ ուղղեց բոլորին հաւաքաբար ու հաստատաքայլ ընթանալու դէպի մեր ապագային հորիզոնները, առաջնորդուելու նահատակներէն ժառանգած կտակով եւ ուխտով, «մինչեւ իրականացումը մեր մեծ երազին` ազատ, անկախ, ամբողջական եւ միացեալ Հայաստանի կերտումին»:
Ապա տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի բաժակներու եւ վահաններու տուչութիւն: Նախակրթարանի բաժինի վահանին տիրացաւ Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը, միջնակարգի` Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճը, իսկ երկրորդականի` Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը, իսկ Հայկազեան համալսարանի «Ֆէյր փլէյ»-ի մրցանակին արժանացաւ Ազգային Յառաջ- Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարանը: (Բաժակներու տիրացողներուն պատկերը կը հրատարակենք յառաջիկային` մարզական էջով):
Ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հնչեցուցած երաժշտութեան կշռոյթներով խրոխտ, հպարտ եւ հաստատ քայլերով տողանցեցին ՀՄԸՄ-ականները` մարզիկ թէ սկաուտ, տողանցեցին ԼԵՄ-ականները, ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու մարզական խումբերը եւ ԼԵՎԱՄ-ի մասնակցած լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ: Տողանցքին մասնակցեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ Հալէպի ֆութպոլի խումբը: Տողանցքին մասնակցած ՀՄԸՄ-ի փինկ փոնկի աղջկանց խումբը ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան յանձնեց Լիբանանի փինկ փոնկի ախոյեանութեան բաժակը:
Շահէ եպս. Փանոսեան
Փակման խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ ողջունեց ՀՄԸՄ-ականները, որոնք խրոխտ քայլերով եւ խիզախօրէն տողանցեցին Եռագոյնին ներքեւ` յոյս ներշնչելով ապագայի նկատմամբ: Ան դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ը հանդիսացաւ այն միութիւնը, որ մարդուժ պատրաստելու իմաստով մեծ աշխատանք տարաւ ու կը շարունակէ գործել իբրեւ այդպիսին: Ապա ան անդրադարձաւ Մայիս 28-ի խորհուրդին եւ կարեւորութեան` հաստատելով, որ 96 տարի առաջ կերտուած յաղթանակը տարուեցաւ երկիւղալի պահու մը եւ ի գին հերոսներու արեամբ ու նուիրումով: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ վեհ նպատակին համար իրենց կեանքը զոհածները երբեք չեն մեռնիր, այլ անոնք կը դառնան պատգամ եւ կտակ, որպէսզի նոր սերունդները ապրին նոր յոյսով, նոր տեսիլքով եւ հայրենական բարձր գիտակցութեամբ:
Շահէ եպս. Փանոսեան ըսաւ, որ հայահոծ Պուրճ Համուտի մէջ համախմբուած ենք պատիւ ընծայելու Մայիս 28 կերտած հերոսներուն, նաեւ նուիրեալ աշխատանք տանող ՀՄԸՄ-ին: Ան աւելցուց, որ հայրենիքն ու հայութիւնը այսօր կարիք ունին այնպիսի հայորդիներու, որոնք ատակ են շարունակելու նախնիներու ուղին, իրենց անձին գնով ու ամենայն հաւատարմութեամբ ծառայելու իրենց ազգին, որպէսզի կարելի ըլլայ լուսաշող ապագայ մը կտակել յառաջիկայ սերունդներուն:
Յայտնենք, որ Մայիսեան փառատօնէն առաջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի բարեկամական մրցում` ՀՄԸՄ-Ի Լիբանանի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին եւ ՀՄԸՄ Հալէպի միջեւ:
«Ազդակ»